Սպանացի Մեծ Հայասէր եւ Մարդասէր Կոնզալօ Հերնանտէզ Կուարչի հետ մեր առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 2002-ին Երեւանի մէջ, Սպանիոյ Ծերակոյտի անդամ Սոլերի հետ (Ալմերիա), որ եկած էր ստանալու Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան Արժանեաց Ոսկեայ շքանշանը։ Ան սպաներէնով (թարգմանուած բազմաթիւ լեզուներու, նաեւ հայերէնի) «Էլ Արպոլ Արմենիօ» (Հայկական Տոհմածառ) վէպն էր, ուր ներկայացուցած էր հայոց Մեծ Եղեռնի ահաւոր ողբերգութիւնը եւ թէ ինչպէս թուրք դահիճներ հետագային դարձան իրենց զոհերուն հայրերը…։ Գիրքին կողքին վրայ պատկերուած էր տարաբախտ հայ մայր մը (լուսանկարուած աւստրիացի սպայ Արմէն Վէկնէրին կողմէ), որ իր նորածինը գրկած կը քալէր Սուրիոյ անապատին մէջ։

Սպանիոյ թագաւորութեան եւ Փորթուկալի մօտ այժմ հանգուցեալ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Էտուարտ Խոչայեանի միջոցով, հայրենի հողին վրայ այս ծանօթացումը վերածուեցաւ շուրջ 18 տարուան բարեկամութեան եւ համագործակցութեան։ Սպանիոյ արքայական ընտանիքին ազգական այս գրողը, մտաւորականը, ակադեմականը, որ նաեւ շինարարական ընկերութեան մը հիմնադիր տնօրէնն էր՝ լոյս ընծայեց նաեւ «Էլ Թեսթամենթօ Արմենիօ» (Հայկական Կտակարանը) վէպը, նաեւ «Էլ Լեկատօ Քուրտօ» (Քրտական ժառանգութիւնը), «Աստուծոյ Անունը», «Հնդիկը», «Լրագրութիւն Ռուսիոյ Մէջ»…։

2007-ին, սպանացի վիպասանը, որ 1997-ին արժանացած էր «Վինցեթթէ Պլասքօ Իպանէզ»ի հեղինակաւոր մրցանակին, արժանացաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի «Կարպիս Փափազեան» մրցանակին։ Ապա, 2013-ին Մովսէս Խորենացիի անուան շքանշանին եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատուոյ Վկայականին։ Ան իր գիրքերուն հայերէն թարգմանութեան եւ Հայաստանի մէջ տպագրութեան պատճառով (վերջին անգամ «Էր Մոնթանա Պլանքա» «Սպիտակ Լեռը», Լիբանանի մասին), դարձաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ եւ սպանացի հայապաշտպան այս ազնուականին Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատուոյ Դոկտորական շնորհուեցաւ։

Հետագային մեր հանդիպումները շարունակուեցան Սպանիոյ Մուրսիցի պատմական քաղաքի համալսարանին մէջ,  ուր տեղի ունեցան հայ մշակոյթին նուիրուած օրեր, մասնակցութեամբ Սպանիայէն, Հայաստանէն եւ Արժանթինէն ժամանած բանաստեղծ-բանաստեղծուհիներու, գրողներու, ազգային ու մշակութային դէմքերու։ Ապա՝ Ալմերիոյ ծովափնեայ հրաշալի առանձնատունը եւ լեռնային դղեակը երկօրեայ մեր այցելութեան ընթացքին, Սպանիոյ «Արարատ», Սիետրա Մաեստրա սրբազան լեռներուն դէմ յանդիման։ 2014 -ին, Մատրիտէն Ալմերիա գիշերային ճամբորդութեամբ, վայելեցինք իր ջերմ հիւրասիրութիւնը, որուն ընթացքին մեզի ցոյց տուաւ այն երեք շքանշանները, որոնք ստացած էր Հայաստանի նախագահներէն։

Կոնզալօ Հերնանտէզ Կուարչի երազն էր այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան ողջակիզման երբեմնի դժոխք՝ Տէր-Զօր, նաեւ Սուրիոյ անապատները, ուր բիւրաւոր հայեր թաղուեցան անապատի աւազներուն տակ, ցեղասպանութեան օրերուն: Ան կը փափաքէր այցելել նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, ծանօթանալ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ Համայնքին: Ան հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպած էր Վատիկանի մէջ, որպէս հոգեւոր հայրեր եւ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան հոգեւոր կեանքի անմիջական ժառանգորդներ։ Լիբանանին նուիրուած պատմական – գեղարուեստական «Սպիտակ Լեռը» վերստին տպուած տեսնելով Պէյրութի մէջ, կը փափաքէր այդ առիթով գինեձօն կազմակերպել, ծանօթանալ Լիբանանի հայութեան ու երկրին գրական, մտաւորական ընտրանիին հետ։ Սակայն Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը, պսակաձեւ ժահրին ահաւոր վտանգը յետաձգեցին մեծ հայասէրին ու մարդասէրին երազանքին իրականացումը:  Յոյսով ենք, որ ան կ’իրականանայ մօտիկ ժամանակներս։

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Պէյրութ