«Ապառաժ».- ՊելճիքայիՊելճիքայի Արցախի հետ բարեկամութեան ֆրանսախօս շրջանակը յայտարարութիւն տարածած է` շնորհաւորելով Արայիկ Յարութիւնեանին Արցախի Հանրապետութեան  նախագահ ընտրուելու առթիւ:
Բարեկամութեան խումբի անդամները`  Պելճիքայի տարբեր խորհրդարաններու նախկին եւ գործող պատգամաւորներ,  մտաւորականներ, կ’ողջունեն այն իրականութիւնը, որ  հակառակ աշխարհաքաղաքական շրջափակումին, Արցախի ժողովուրդը  անգամ  մը եւս իւրացուց ընտրելու իր իրաւունքը եւ հաւատարիմ մնաց անկախութեան առաջին իսկ օրերէն ընտրած ճանապարհին, այն է` կառուցել ժողովրդավար երկիր:
Պելճիքացի քաղաքական եւ հասարակական գործիչները կը յայտնեն, որ ստեղծուած համաշխարհային համավարակի պատճառով ստիպուեր են չեղեալ համարել իրենց` նախատեսուած դիտորդական առաքելութիւնը Արցախի մէջ: Անոնք շնորհաւորած են Արցախի նորընտիր խորհրդարանը նոյնպէս:
Յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ բարեկամութեան խումբը գերազանց համագործակցութիւն  ունեցած է Արցախի նախկին իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին հետ: Խումբի անդամները կը շեշտեն իրենց ցանկութիւնը շարունակել ստեղծուած բարձր մակարդակի եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը Արցախի նոր խորհրդարանին եւ իշխանութիւններուն հետ: