Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարութիւն տարածած է, ողջունելով ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յանձնառարութիւնը ՀՀ-ի ԱՄՆ Դեսպանութեան ուսումնասիրելու, թէ ինչպէս կարելի է յարմարեցնել Հայաստանին օգնութեան առկայ փաթեթը հանրապետութեան առաջնահերթ կարիքներուն, համավարակի բռնկումի պայմաններուն լոյսին տակ:

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան ողջունած է ՀՀ-ին ԱՄՆ-ի կողմէն օգնութեան առկայ փաթեթը ճշգրտելու առաջին քայլը: