Ապրիլեան Մեծ Ոճիրի սկիզբ կը համարուի 24 Ապրիլ 1915-ը (հին տոմարով՝ 11 Ապրիլ), որովհետեւ այդ օրը, Իթթիհատական իշխանութեան հրահանգով սկսաւ հայ ժողովուրդին գլխատումը՝ մտաւորականութեան եւ ղեկավարութեան ձերբակալութեան փուլը:
Փետրուար 1915-էն սկսեալ կայսրութեան մէջ հայերու դէմ արտակարգ կարգադրութիւններ եղան: Առաջին հերթին զինաթափուեցան բանակի մօտաւորապէս 100.000 զինուորները, քաղաքացիներէն գրաւուեցան 1908-ի սահամանդութեամբ արտօնուած զէնքերը: Զինաթափման յաջորդեց հայ զինուորներու անպաշտօն արտաքսումը դէպի խուլ ու ամայի վայրեր, ուր եւ սպա- նուեցան: ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկընթաու այս փուլը կը նկատէ հայերու բնաջնջման նախեր-գանքը:
Կ. Պոլսոյ մէջ լայնածաւալ տեղահանութիւն եւ ջարդ չեղաւ, որովհետեւ քաղաքը եւրոպացիներուն աչքին տակն էր: Հեռաւոր նահանգներէն հասնող կցկըտուր լուրերը նախ անհաւատալի, ապա՝ մտահոգիչ թուեցան… մինչեւ «Կարմիր Կիրակին»՝ 24 Ապրիլ 1915-ը: Այդ գիշեր Կ. Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցաւ հայ մտաւորականներու առաջին՝ 253 հոգինոց խումբը: Ձերբակալութիւնները շարունակուեցան: Աւելի ուշ անոնք ղրկուեցան Օսմանեան Կայսրութեան տարբեր շրջաններ: Մեծամասնութիւնը չվերադարձաւ, շատ քիչեր փրկուեցան:
Այս ահաւոր ոճիրին յիշատակումը առաջին անգամ կատարեցին աքսորէն չվերադարձած մտաւորականներուն գործընկերները: Ընդամէնը 4 տարի անց, երբ կատարուած ոճիրի ծալքերը քիչ-քիչ բացայայտուած էին, Կ. Պոլսոյ մէջ կազմուեցաւ յանձնախումբ մը՝ նշելու համար «Ապրիլ Տասնըմէկի Զոհերու Յիշատակը»:
Յանձնախումբին անդամները, իրե՛նք պատահականութեամբ կամ հրաշքով փրկուածներ, երկու դժուար գործ ստանձներ էին: Առաջինը՝ 25 Ապրիլ 1919-ին յիշատակի երեկոյ մը կազմակերպել, երկրորդը՝ հրատարակութեամբ մը յարգել հայ մտաւորականներու եւ գործիչներու յիշատակը:
Հրատարակութիւնը՝ «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի» տպագրուած է Օ. Արզուման տպարանին մէջ: 140 էջերէ բաղկացած «Յուշարձան»ը երկու գլխաւոր բաժիններ ունի.
Ա.- Կենսագրական Բաժին
Բ.- Գրական Բաժին
Ա.- Կենսագրական Բաժին
 Հաւաքած ու խմբագրած է Թէոդիկը, մօտաւորապէս 100 էջ է եւ ունի հետեւեալ գլուխները.
Ա.-Պոլսէն Տարագիր- Այս գլուխը կ’ընդգրկէ 143 անուններ, որոնցմէ 28-ը մեզի ծանօթ գրագէտներն են, 37-ը՝ ազգային եւ կրթական գործիչներ, 36-ը՝ առեւտրականներ, հրատարակիչներ եւ այլն: Թէոդիկ նաեւ գրած է «Աքսորավայրի մէջ հիւանդութեամբ մեռնող» 15 գործիչներու եւ «Պոլիս կախուող» 23 հայ գործիչներու մասին:
Բ.- Գաւառ- Թէոդիկ, նոյնիսկ այսօր գնահատելի բծախնդրութեամբ հաւաքած ու ներկայացուցած է հետեւեալ շրջաններու զոհերը.
– Վան.-10 զոհ ընդգրկող այս բաժինը սկսած է Իշխանի (Նիկողայոս Պօղոսեան) դաւադրաբար սպանութեամբ եւ ընդգծած. «Առաջին արիւնն էր այս որ կը թափուէր Վասպուրականի մէջ, որմէ յետոյ Հայաշխարհի հողը ճակատագրուած էր ծայրէ ի ծայր ներկուելու կարմիրով, իր գետերն ալ ողողուելու դիակներով»:
– Խարբերդ.- 31 զոհերու շարքին աչքի կը զարնեն գիտական կոչումներով (Օր.՝ Փրոֆեսոր) անունները: Կան պատուելի քարոզիչներ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ…:
– Սվազ.- Հոս թուարկուած են 12 անուններ, մեծ մասամբ՝ ուսուցիչներ: Կարելի չէ, օրինակ, այս քանի մը տողերուն մէջ ամփոփուած կենսագրութեան վրայէն անտարբեր անցնիլ. «Ռուբէն Րագուպեան. Մանճըրլըքցի, 35 տարու, Ամերիկայի Քըլըմպիա համալսարանէն վկայուած եւ վարած «Կոչնակ»ի խմբագրութիւնը: 1912էն ի վեր մանկավարժ-հոգեբան Սվազի վարժապետանոցը»:
-Գարահիսար եւ Ուրֆա.- Թէոդիկ առանձին փոքր յառաջաբանով սկսած է այս բաժինը, ուր նշած է. «Անմոռանալի ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԷՆ ու ՄՈՒՇԷՆ յետոյ, Հայաշխարհի բոլոր քաղաքներէն ԳԱՐԱՀԻՍԱՐ եւ ՈՒՐՖԱ եղան միայն, որ -իբր պանծալի բացառութիւն- թատր հանդիսացան դիւցազնական դիմադրութեանց, որովհետեւ տեղացի Հայեր նախատեսած ու խորաչափած էին Աղէտին ահագնութիւնը: Անհաւասար կռիւի այդ թոհուբոհին՝ որ շաբաթներ տեւեց, ստոյգ է որ գրեթէ ո՛չ ոք մնաց վերապրող, բայց գոնէ ոչխարի համակերպութեամբ անճիտուիլն անծանօթ մնաց իրենց»: Եւ կը ներկայացնէ 17 նահատակներուն հակիրճ կենսագրականները:
– Եօզղատի բաժնին մէջ միայն Թեմի առաջնորդ Սսական վարդապետի անունն է ու մխիթարական խօսք, որ աղէտէն չորս տարի վերջ, ճի՛շդ նոյն օրերուն «Արդարութեան ձեռքը կախաղանի չուանը անցուց Եօզղատի ջարդարար «գասապ» Քէմալի վիզը»:
– Կարին, Երզնկա, Խնուս ,- 12 նահատակ գործիչներ կան այս ցանկին վրայ:
– Մուշ,Սասուն, Բաղէշ,- Թէոդիկ այս բաժինը սկսած է հրատարակելով նամակը, որ  ջարդէն մազապուրծ ազատած Մշոյ Առաջնորդարանի քարտուղար պրն. Նազարէթին Երեւանէն ուղարկած նամակը՝  Գեղամ Տէր Կարապետեանին, որու մահէն անտեղեակ էր: Նամակին մէջ նշուած է. «…Մշոյ Դաշտէն 5000 հոգի ազատած են (մինչդեռ 200.000 էին), քաղաքէն՝ 75 հոգի, Սասուն-Փսանքէն՝ 1000, Խուլբ-Խիանէն՝ 13, Կէնճ-Ճապաղջուրէն՝ 3, Խոյթ-Մօտկանէն՝ 2000, Ախլաթէն՝ 900, Խնուսէն՝ 300, Ներքին Պուլանըքէն՝ 600, Բաղէշի քաղքէն՝ 30, եւայլն: Բնաջնջուած ու սահմանակից Տաճկահայաստանի 5 նահանգներէն (Տրապիզոն, Կարին, Խարբերդ, Բաղէշ եւ Վան) հազիւ թէ 200.000 հոգի ազատած են»: Այստեղ նշուած են 7 անուններ:
– Կեսարիա, Թալաս,- Թէոդիկ ներկայացուած է կեսարացի 77 նահատակներու անունն ու գործը: Իսկ Թալասէն միայն մէկ անուն կրցած է յիշատակել՝ «ներքին գաւառներու հետ լայն յարաբերութիւններէ զուրկ ըլլալով դեռ»:
– Մարզուան եւ Այնթապ,- 18 նահատակներու ցանկ մըն է, հետեւեալ յառաջաբանով. «Մարզուան եւ Այնթապ այն վայրերն են որոնք- Խարբերդի նման- տարիներէ հետէ լուսաւորութեան գլխաւոր կեդրոններ եղած են հայ նոր սերունդին համար, իրենց բարեհամբաւ կրթարաններով: Մարզուանի «Անաթոլիա», Այնթապի «Կեդրոնական Թուրքիոյ» եւ Խարբերդի «Եփրատ» Գոլէճները մեծ դեր կատարած են կրթական տեսակէտով, հասցնելով ուսումնական երիտասարդութիւն մը,- մեծ մասն, ափսո՜ս, զոհ Մեծ Եղեռնին, պաշտօնավարող փրօֆեսորներուն նման»:
– Գաւառական Զանազան Վայրեր,- 27 նահատակներու ցանկ մըն է այս բաժինը:
– Իզմիր, Մերձակայ Վայրեր, Պարտիզակ,-  Թէոդիկ նշած է, որ Կ. Պոլսոյ, Քէօթահիայի, Ուշագի եւ Իզմիրի հայութեան «խնայուեցաւ ամբողջական տարագրումը» եւ 99 նահատակներ թուարկած է, որոնցմէ 12-ը՝ Իզմիրէն:
Գ.- Կենսագրականներու՝ «Հիբոկրատի աշակերտներ» բաժինին մէջ 140 անուններու կը հանդիպինք՝ բժիշկ, ատամնաբոյժ, անասնաբոյժ, դեղագործ…:
Դ.- «Հայ Եկեղեցականներ» բաժինը 41 հոգեւորականներու ցանկ մըն է:
Ե.- «Հայ Եկեղեցականներ (Հռոմէական),- 113 հոգեւորականներու ցանկն ու կենսագրութիւնները քաղուած են «Վիենն. Մխիթարեան Հ. Յովսէփ Տէր-Մարգարեանի լիակատար ձեռագիր մատենագրութենէն»: Այստեղ նշուած են նաեւ «Անարատ Յղութեան Քոյրերու» 4 նահատակ քոյրերու անունները:
Առաջին՝ «Կենսագրականներ» բաժինի վերջաւորութեան Թէոդիկ հետեւեալ գրառումը ըրած է. «Շնորահակալութիւն Գրչի եղբայրներու,- մասնաւորապէս «Ազատամարտ»ի Ղերուկին եւ Պրն. Վահէ-Հայկի-. Որոնք նիւթի եւ նօթի հեւիհեւ հաւաքման մեր գործը դիւրացուցին ա՛յնքան ազնուօրէն»:
Բ.- Գրական Բաժին
Ցեղասպանութեան զոհերուն նուրիուած այս «Յուշարձան»ին երկրորդ՝ Գրական բաժինը Եղեռնէն փրկուած երկու հայորդիի յուշերն են. Բիւզանդ Պօյաճեանի «Դէպի Այաշ- Հին ու Նոր Յուշեր»ը եւ Միքայէլ Շամտանճեանի «Չանղըրըէն Վերյիշումներ»ը:
Այս բաժինի՝ «Նահատակ Մտաւորական Եկեղեցականները» գրութեան մէջ Մեսրոպ Եպս. Նարոյեան, դիտել տալով, որ կարելի չէ նահատակ եկեղեցականներու ստոյգ ցուցակը կազմել, կը բացատրէ. «Շատ մեծ է անոնց թիւը, քանի որ ամէնէն փոքրիկ գիւղն անգամ ունէր ի՛ր ժամն ու տէրտէրը», եւ կը թուարկէ հոյլ մը Արմաշական եկեղեցականներու անունները (11 հոգի), որոնք «իբրեւ առաջնորդ մեռան պատուոյ դաշտին վրայ»:
«Մխիթարեան Զոհեր» բաժինով Հ. Արսէն Ղազիիկեան անդրադարձած է 4 հոգեւորական նահատակներու, որոնք նաեւ գրական գործունէութիւն ունեցած են:
«Վերջաբանի Փոխարէն» գրութեան մէջ ըսուած է. «Այսօր կը լրանայ չորրոդ տարին այն զարհուրելի գիշերէն ետք, ուր հայ մտաւորականութեան ընտրելագոյն ներկայացուցիչները ձերբակալուեցան չքացուելու համար աքսորի ճամբաներուն վրայ»: 
Իր ժամանակին մէջ, կտտացող սրտով այս հսկայ աշխատանքը կատարողները՝ Ապրիլ Տասնմէկի Սգահանդէսի Յանձնախումբի անդամները համեստօրէն յայտարարած են. «Նախափորձ մըն է ասիկա, եթէ կարելի է ըսել, առաջիկային աւելի ճոխացած եւ լիակատար ձեւի մը տակ ներկայացնելու համար այս Յուշարձանը»:
«Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի» գիրքը առաջինն է, որ փորձած է հաւաքագրել եւ կազմել ցանկը այն փաղանգին, որ հայ ժողովուրդի մտքի եւ հոգիի ղեկավարն էր: Հոն ընդգրկուած են մտաւորականներ, յեղափոխական եւ ազգային գործիչներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ, հոգեւորականներ եւ այլն… Թէոդիկ բծախնդրութեամբ հաւաքագրած եւ դասակարգած է այդ տեղեկութիւնները: Նշած է իւրաքանչիւրի կեանքին ծանօթ դրուագները, կուսակցական պատկանելիութիւնը, գրական, քաղաքական, հոգեւոր գործունէութիւնը:
Փորձեցի քիչ մը մանրամասն ներկայացնել Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած այս առաջին Յուշարձանը: Եւ այդ ուժը ամփոփուած է նաեւ այս մատեանի՝ «Գաղափարի Յաղթանակը» վերնագրով յառաջաբանին մէջ: Այստեղ «բռնակալութիւն» բառէն առաջ բացութիւններ նկատելի են: Յետ պատերազմեան Թուրքիոյ գրաքննութիւնը ջնջած է «թուրք» բառը…:
Քարէն եւ մետաղէն աւելի ուժեղ նիւթով՝ բառով ու հոգիով պատրաստուած Յուշարձան մըն է այս:
ԳԻՐՔԻՆ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԸ
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Հայ ժողովուրդի մարտիրոսագրութիւնը լեցուն է հոգեվարքի ու մահուան ճիչերով:
Բայց հայ մտածումը, սերունդէ սերունդ, կանգ պիտի առնէ առանձին խռովքով մը, թուականի մը առջեւ, որ կը գերազանցէ բոլորը իր անլուր եղերականութեամբ, 1915 Ապրիլ տասնըմէկի գիշերը:
Այդ գիշեր էր, որ ……… բռնակալութիւնը, բռնակալութիւններուն է՛ն վայրագն ու է՛ն արիւնկզակը, դաւադրեց հայ ժողովուրդի մտածող ու գործող ուժերուն դէմ:
Այդ գիշերն է, որ հաւաքւեցան մէկիկ մէկիկ հայ մտաւորականները, ա՛լ անգամ մըն ալ չվերադառնալու համար, ա՛լ անգամ մըն ալ չբաղխելու համար այն դուռը, որ գոցուած էր իրենց ետեւէն ցաւի ու յուսահատութեան անհուն հառաչանքներու մէջէն:
…….. բռնակալութիւնը կարծեց սպանել հայ ժողովուրդը, սպանելով անոր ընտրուած զաւակները:
Բայց հայ ժողովուրդը ողջ՝ ու իր հետապնդած իտէալը կենդանի է այսօր, աւելի քան երբե՛ք, որովհետեւ անմտութիւն է յաւակնիլ մեռցնել Մարմնին մէջէն Գաղափարը:
……. բռնակալներու անարգ փորձը՝ ընկճել Գաղափարը Բռնի Ուժով, ոչ նոր է, աւա՜ղ, եւ ոչ ալ բացառիկ:
Յիշեցէ՛ք Ճօրտանօ Պրունոները, Էթիէն Տոլէները, Միջնադարեան խաւարին դէմ ընդվզող այդ ազատ միտքերը: Հաւատաքննութիւնը յաւակնեցաւ, իր խարոյկներով խորտակել անոնց մտքին ու հոգիին ազատ թռիչքը:
Բայց դուք գիտէք այսօր թէ որո՞ւն մնաց յաղթանակը:
Յիշեցէ՛ք նաեւ ամբողջ փաղանգը այն հերոսներուն, որ ծառացան նոյն բռնակալութեան դէմ, փշրելու համար իրենց ժողովուրդին ստրկութեան շղթաները:
Ո՞ւր են անոնք, որ հաւատացած էին թէ կրնան սպանել Գաղափարը խարոյկներու կամ կախաղաններու վրայ, հրով ու սրով:
Պատմութիւնը ծածկած է անոնց անունները մոռացութեան անարգ քօղով:
Ու մինչդեռ կը լռեն ամօթի մէջ, անարգանքի տակ, դահիճները, զոհերը կը խօսին փառքի մէջ, անմահներու լեզուով:
Մեր յանձնաժողովը մատուցանելով յարգանքի այս պարզ, բայց սրտագին հարկը մեր նահատակուած գրական ու քաղաքական այն գործիչներուն, որոնց մէջ…… բռնակալութիւնը յաւակնեցաւ սպանել հայ ազատագրութեան իտէալը, առաջնորդուեցաւ միակ մտածումով մը. տօնել Գաղափարին յաղթանակը Բիրտ Ուժին վրայ:
Ապրիլ, 1919
Մարի Մերտխանեան-Եարալեան