Ամբողջական Հայաստանի մէկ մասը եղած է Կիլիկիան։ Հայերու թիւը աճ կ’արձանագրէ Կիլիկիոյ մէջ, երբ Հայաստանի մէջ իր աւարտին կը հասնի Արշակունեաց հարստութեան թագաւորութեան շրջանը. հայեր զանգուածային գաղթերով կու գան հաստատուելու Կիլիկիա։ Իսկ Բագրատունեաց հարստութեան անկումն ու սելճուքներու անվերջ արշաւանքները պատճառ կը դառնան որ կեդրոնական Հայաստանէն  հայեր շարունակեն  հաստատուիլ Կիլիկիա։Այստեղ գաղթող հայերէն՝ Փիլարտոս հայ իշխանը իր զօրագունդով կու գայ եւ կը հաստատուի Մարաշ, կիսանկախ իշխանութիւն մը ստեղծելով Մարաշի մէջ։
Բագրատունեաց թագաւորութեան իշխաններէն Ռուբէն, իր զինակիցներուն հետ, կու գայ  կը տեղաւորուի Կիլիկիոյ Հաճն քաղաքի մօտերը։ Շնորհիւ իր ունեցած կազմակերպչական տաղանդին Ռուբէն շուտով կը յաջողի իր շուրջ համախմբել Կիլիկիոյ  հայ նախարարները եւ 1080 թուականին ըմբոստութեան դրօշ պարզելով Բիւզանդիոնի դէմ, հիմը կը դնէ Ռուբինեան իշխանութեան։
Հեզհետէ կ’ամրապնդուի Ռուբինեան իշխանութիւնը ,երբ հայեր՝ յոյները կը վտարեն  Հաճնի եւ Կիլիկիոյ միւս շրջաններէն, հաստատելով հայկական չորրորդ հարստութիւնը։ 1085-1375 Կիլիկիոյ իշխանութիւնը թագաւորութեան վերածուելով փառահեղ էջեր կ’արձանագրէ մեր պատմութեան մէջ իր զինուորական, ճարտարապետական, առեւտրական, գրական եւ կրթական նուաճումներով։
Բիւզանդիոնի հայատեաց քաղաքականութեան պատճառով 14-րդ դարուն Բիւզանդիոնի հետ կը տապալի  նաեւ Կիլիկեան հայկական իշխանութիւնը։ Յոյները կը հեռանան Կիլիկիայէն, անոնց փոխարէն կ’աճի թիւը տիրապետող թուրքերուն, քիւրտերուն, չերքէզներուն եւ թիւրքմէններուն։
Թուրքեր մինչեւ 1920 թուական  կը շարունակեն իրենց վայրագ քաղաքականութեամբ կառավարել Կիլիկիան, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայերէ կը բաղկանար, անոնք  վեց դար տաժանելի պայմաններով  իրենց ներկայութիւնը կը պարտադրեն Կիլիկիոյ մէջ։
1866 թուականին Մարաշ՝ կը դառնայ Հալէպ նահանգի մէկ մասը, իսկ   1911 թուականին  կը վերածուի  առանձին գաւառի։
1985-90-ական թուականներուն Սուլթան Համիտ կ’իրականացնէ հայերու հրէշային կոտորածները։ Հայերու կորուստները ծանր էին, յատկապէս Ուրֆայի եւ Մարաշի մէջ։1985-ին տեղի կ’ունենայ մարաշցիներու «մեծ ջարդ»ը եւ քաղաքը որբերով կը լեցուի։
Մարաշ ունեցած է 12 հայկական եկեղեցիներ՝ երեք յարանուանութիւններուն պատկանող, բազմաթիւ դպրոցներ, որոնցմէ յայտնի էր Ազգային Կեդրոնական վարժարանը։ Մարաշի մէջ կային որբանոցներ, հիւանդանոցներ, Աստուածաբանական ճեմարան, Աղջկանց բարձրագոյն վարժարան, այրիանոց, բարեսիրական միութիւններ եւ տպարան։ Համիտեան կոտորածներու ընթացքին կը հրկիզուին հայկական թաղամասերն ու եկեղեցիները։
Գերմանական եւ ամերիկեան միսիոնարներ որբանոցներ կը կառուցեն։ Այդ միսիոնարներէն յայտնի էր՝ սկովտիացի օր. Ակնէս Սալմոնտի անունը, որ ձգելով իր բարեկեցիկ կեանքը կը նուիրուի Մարաշի որբերու եւ որբեւայրիներու փրկութեան եւ դաստիարակութեան  նուիրական  գործին։ Ան կը դառնայ Մարաշի որբերու պահապան հրեշտակը։
Մարաշի  առաքելական վեց եկեղեցիները կառուցուած էին քաղաքին շուրջբոլորը։ Աւանդութեան համաձայն,  եկեղեցիներուն կառուցումէն առաջ, Մարաշի մէջ համաճարակ մը    կը տարածուի, որուն հետեւանքով կը մահանան  միայն սակաւաթիւ հայեր։ Այս պարագան անտես չի մնար Մարաշի մէջ ապրող թուրքերուն  աչքերէն, որոնք բազմաթիւ կորուստներ  ունեցած էին: Անոնք  տեղեակ կը պահեն այդ օրերու կառավարութիւնը։ Թուրք իշխանապետը  հայերու  հոգեւոր  առաջնորդը  իր քով հրաւիրելով կը պատուիրէ  աղօթել Աստուծոյ, որ համաճարակը  վերանայ քաղաքէն։ Հոգեւորականը կ’առարկէ ըսելով.- եկեղեցի չունինք որ  կարենանք աղօթել։
Կառավարիչը  կը հրամայէ՝ քաղաքին ոչ միայն չորս, այլ վեց կողմերը շինել եկեղեցիներ, որոնք   կը կառուցուին քաղաքին շուրջ։ Ուրիշ աւանդութեան մը համաձայն, երբ կը քանդուի   հայոց թաղի Ս. Յակոբ վանքը, ողջ մնացած վարդապետներ չեն համարձակիր քաղաք իջնել կամ  այնտեղ տեղաւորուիլ։ Անոնք  կ’ապաստանին քաղաքի շուրջ  գտնուող տուներուն մէջ, որոնք որոշ ժամանակ անց  կը վերածուին եկեղեցիներու։
Եկեղեցիներէն հինգը, իրենց  կից  դպրոցներով, նաեւ Աւետարանական երեք  եկեղեցիները, կը հրկիզուին 1920 թուականին։Միայն  կանգուն կը մնայ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, տեղական  կառավարութեան կողմէ վերածուելով մթերանոցի։
1920 թուականին, երբ թուրքեր կը պարտուին դաշնակիցներէն, հայկական Կիլիկիան  կը յաջողի վերակազմաւորել ինքզինք, բայց ետքը զոհ կը դառնայ ֆրանսական դաւադրութեան, երբ  ֆրանսացիներ Կիլիկիան թուրքերուն կը  յանձնեն։
Հայկական Կիլիկիոյ բոլոր քաղաքներն ալ  կ’ունենան տխուր վախճան մը։
Մարաշ  1915-ին ենթարկուած էր ջարդի։ Ա. համաշխարհային պատերազմին, Թուրքիոյ պարտութեամբ, տարագրուած հայ գաղթականներ, անգլիական զօրքերուն հետ կը վերադառնան եւ կը հաստատուին իրենց ծննդավայրը։
1918-էն մինչեւ  1920, Մարաշի վերապրած հայութեան բեկորները կը լծուին իրենց  աւերակ քաղաքը վերաշինելու աշխատանքին. հազիւ հայ կեանքը կը սկսի վերստին ծաղկիլ Մարաշի մէջ, Թուրքիան կ’որոշէ  իր բանակը կը վերակազմակերպել։ Մուսթաֆա Քեմալի առաջնորդութեամբ կը ձեռնարկէ իր երկրի ամբողջական անկախութեան։ 1919-ին ֆրանսական բանակը փոխադարձ համաձայնութեամբ մը  կը փոխարինէ անգլիականը։ Ֆրանսական բանակին Մարաշ մուտքը հայերու կողմէ  կը դիմաւորուի մեծ խանդավառութեամբ, բայց  կը վրդովեցնէ   թուրքերը, որոնք գաղտնօրէն կը լծուին զինեալ յարձակման  պատրաստութեան։ Հայեր ապահովութեան համար  կը դիմեն  ֆրանսացիներու օգնութեան, բայց կը ստանան հետեւեալ պատասխանը՝ թէ ֆրանսական զօրքերու ներկայութիւնը երաշխիք մըն է հայ եւ թուրք բնակչութեան խաղաղութեան եւ կեանքի ապահովութեան։ Ֆրանսացիներ այսպիսով  յայտարարած կ’ըլլան իրենց չէզոքութիւնը։
Թուրք երտասարդ իթթիհատականներ՝ ամէն գինով որոշած էին քաղաքը ֆրանսական տարրերէ մաքրել։ Անոնք վերջնագիր մը կը պատրաստեն, որուն մէջ կը պահանջեն քաղաքի իշխանութիւնը, ֆրանսական զօրքերուն արագ հեռացումը եւ անոնց ամբողջ ռազմամթերքը։ Ֆրանսացի զօրավարը անոնց այս պահանջքին կը պատասխանէ՝ հանդարտութեան կոչով, որուն  հետեւանքը կ’ըլլայ թրքական հարուածը։
21 Յունուար 1920-ին, թրքական առաջին գնդակներուն զոհ կ’երթան ֆրանսացի զինուորներ, ապա հայեր։
Յարձակումները կը շարունակուին մինչեւ որ վերածուին համատարած կոտորածներու։
Թուրք ամբոխը վճռած էր ամէն գնով բնաջինջ ընել հայերը. կոտորածները կը շարունակուին գիւղերուն մէջ, ուր խեղճ գիւղացիները անակնկալի կուգան եւ չեն կրնար պաշտպանուիլ։
Մարաշ ունէր մօտաւորապէս 70 հազար բնակիչ, որուն 40 հազարը հայեր էին, իսկ մնացեալը՝ թուրք, պարսիկ, արաբ, յոյն եւ ասորի։
Մարաշի գաւառը  400-է աւելի գիւղեր ունէր, որոնց մեծ մասը թրքացուած էր բռնութեան եւ ջարդերու հետեւանքով։ Անոնց մեծ մասին մէջ տակաւին գոյութիւն ունէին հին քրիստոնէական աւանդութիւններու հետքեր, ինչպէս օրինակ խմորը շաղելէ ետք վրան ձեռքով  խաչի նշան դրոշմելը, կամ խաչակնքելը։ Իսկ կարգ մը վայրեր տակաւին պահպանած են իրենց հայկական անունները, որոնք թուրքերուն կողմէ կը գործածուին մինչեւ այսօր՝ ինչպէս «Անապատ» եւ «Բարսեղեան» վանքերը, որոնք երկուքն ալ յայտնի ուսումնական  կեդրոններ եղած էին միջին դարերուն։ Իսկ կողքի լեռնաշղթայի լեռներէն մին «Աւագսար»ը, որ Մասիս սարի նմանութիւնը ունի, թուրքերը  կը կոչէին՝ «Աւգասր»։
Թուրքերը մարաշցիներուն արգիլած էին դուրսը, շուկայի մէջ, կամ իրենց ներկայութեան հայերէն խօսիլ, իսկ խօսողին լեզուն արմատախիլ կ’ընէին։ Հայեր իրենց տուներուն մէջ կը խօսէին մարաշի գաւառաբարբառով։
Մարաշցի հայ տղամարդը իրաւունք չունէր սովորական գլխարկ  ունենալու, ան միայն թաղիքէ գդակ կրնար կրել։
Օր մը եօթը չարագործ իսլամ մահապարտներ կը բերուին դուրսէն, որոնք պիտի կախուէին  Մարաշի մէջ. թուրքեր կը մտածեն՝ եթէ չարագործները կախաղան բարձրացուին, հայեր ներքնապէս կրնան ուրախանալ։ Կը դիմեն քաղաքապետին, որ լուծում մը գտնէ, քաղաքապետը իսկոյն կը հրամայէ, որ անոնք երթան եւ նոյն թիւով  անմեղ քրիստոնեաներ բերեն կախելու համար, որպէսզի հայերը չուրախանան։
Ֆրանսացիներու ներկայութիւնը  թուրքերուն համար անընդունելի էր: Անոնք, իբրեւ բողոք, Ուլու ճամիին մէջ կը հաւաքուին եւ կը մերժեն աղօթել մինչեւ իրենց դրօշին ծածանումը  բերդին վրայ: Անոնք վար կ’առնեն ֆրանսական դրօշը, փոխարէնը բարձրացնելով թրքականը եւ հանդարտօրէն  կը վերադառնան մզկիթ։ Երբ Ֆրանսացիները թուրքերուն կը տեղեկացնեն, թէ Ուրբաթ օրուան աղօթքէն ետք  բերդին  վրայ պէտք է ֆրանսական դրօշը ծածանի եւ ոչ թրքականը. թուրքերը չեն պատասխաներ,  բայց երբ  նոյն օրը ֆրանսական կառավարիչը իր հայ թարգմանիչին հետ բերդ կ’երթայ  կառավարութեան ղեկը ստանձնելու թուրքերէն, անոնք կը մերժեն, իսկ իբրեւ վրէժ կը նախատեն ու կը ծեծեն հայ թարգմանիչ՝ Վահանը, որ հազիւ մահէ կ’ազատի։
Թուրքերը  ամէն գնով  կը ջանան վտարել ֆրանսացիները Մարաշէն։
Հայեր 1895-ին եւ 1909-ին համտեսած էին թուրքին բոլոր տեսակի չարագործութիւններն ու խողխողումները, անոնք  դարձեալ կը նախագուշակէին փոթորիկը, որ պայթելու վրայ էր։ Կը սկսին պատրաստուիլ՝ իրենց կիներուն ոսկեղէնը վաճառելով, զէնք կը գնեն եւ կը սկսին ֆրանսական դիրքերուն մօտ եւ  ապահով կարծուած եկեղեցիներուն շրջակայքը ապաստանիլ։
Հակառակ ֆրանսացիներու անտարբերութեան եւ հանդարտութեան, անխուսափելի էր ընդհարումը։
Քաղաքին հիւսիսային կողմը կը գտնուէր Ս. Գէորգ եկեղեցին, Շէքէրտէրէ թաղին մէջ, ուր հաւաքուած էին մօտաւորապէս երկու հազար հոգի եւ ֆրանսական խումբ մը զինուորներ, որոնք թուրքերու յարձակումը կռահելով կը լքեն  եկեղեցին, ներսի ապաստանեալները զրկելով ինքնապաշտպանութեան միջոցէն: Ապաստանեալները կ’որոշեն ելլել հոնկէ, երթալ եւ ապաստանիլ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, որ կը գտնուէր դէպի հարաւ, քսան վայրկեան հեռաւորութեան մը վրայ եւ ուր տակաւին ֆրանսական զօրք կար։ Անոնք եկեղեցիէն ելլելէ ետք, ճամբու ընթացքին բաւական զոհեր կու տան. երբ կը հասնին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, այնտեղ կ’արգիլուի նոր եկողներուն ներս մտնել, իսկ  Ս. Գէորգ եկեղեցի մնացող երկու հազար  ծերեր, կիներ եւ մանուկներ թուրքերու կողմէ սպանուելէ ետք, եկեղեցին կրակի  կը տրուի։ Ս. Գէորգի հրկիզումը տեղի կ’ունենայ 26 Յունուար 1920-ին, դէպքերը սկսելէն քանի մը օր ետք։
 Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին  կը գտնուէր  բարձունքի վրայ,  վարէն ծառուղիով մը կը բարձրանար, բոլոր եկեղեցիներուն մէջէն խոշորագոյնը եւ ապահով կարծուածն էր ան, քանի որ շրջապատուած էր պարիսպներով։ Դիւցազնական ինքնապաշտպանութենէ ետք, հայեր հրոյ ճարակ կը դառնան  իրենց եկեղեցիին հետ։
Խաղաղ քաղաքը կը ծփար վառօդի ծուխի եւ արեան մէջ։
Քաղաք մնացող   հայերը  կ’ապաստանին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 13 օր հերոսաբար կը դիմադրեն թշնամիին։ Թուրքեր կը սեղմեն անոնց ինքնապաշտպանութեան օղակը, ապա կրակի տալով կ’այրեն եկեղեցին, երկու հազար հայերով, քահանաներով միասին։ Եկեղեցիներու  հրկիզումէն ետք, թուրք խուժանը մաղերով մոխիրներուն մէջէն   ոսկի փընտռելու գործին կը լծուէր տեւաբար։ Թուրքերը լոզունք դարձուցած էին այս արտայայտութիւնը՝ «Կաւուրները պիղծ են, բայց անոնց ոսկին՝ մաքուր»։  
Յաջորդ օր թուրքերը քաղաքին չորս բոլորը կրակի կուտան, որպէսզի քրիստոնեաները ստիպեն իրենց թաքստոցներէն դուրս ելլելու։ Այդ օրուընէ կրակն ու բոցը չեն դադրիր, կ’ըսուի թէ միայն անոնց ուղղութիւնը կը փոխուի՝ մերթ դէպի հիւսիս, մերթ դէպի հարաւ։
Բոլոր կողմերէն կը սկսին հրացանի շաչիւններ, արագահարուածներ, թնդանօթի ռումբերու պայթիւններ, որոնք չեն լռեր, իսկ պաշարուածներն ալ բնականաբար պիտի պաշտպանուէին։ Նոյն բաները կը պատահին  նոյնպէս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր բազմութիւնը մօտ երկու հազար հոգի էր (եկեղեցիներուն տարածքը ընդհանրապէս երկու հազար հոգի կրնար պարփակել)։ Անոնց հետ էր քսան հոգինոց ֆրանսական զօրքը, որուն  զինամթերքը կը սպառի 12 օր  դիմադրութենէ ետք։ Թուրքեր վայրագաբար կը շարունակեն իրենց հարուածները, հայերը օգնութիւն կ’աղերսեն,12 տարեկան աղջնակ մը կը ղրկեն, որ կը ճեղքէ պաշարման շղթան եւ  դուրս կուգայ. ան  մէկ ժամուան ճամբայ կտրելով  կ’ուղղուի դէպի զօրանոց, իսկ երկու անձեր ալ կ’ուղղուին դէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի։ Երկու տեղերէն ալ օգնութիւնը կը մերժուի, թուրքեր ալ  աւելի կը նեղեն պաշարման շղթան, անոնք կողքի շէնքերէն քարիւղ կը թափեն եւ կը հրկիզեն  եկեղեցին՝ դարձեալ  իր  հովիւներով։
  Ինքնապաշտպանութիւնը աւելի յաջող կ’ըլլայ Գմբեթի (Գիւմպէթ) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուր ապաստանած հայեր 15 օր շարունակ կը կռուին թշնամիին դէմ, անոնք աւելի քիչ զոհեր կու տան եւ կրնան թշնամիին բաւական վնաս պատճառել, բայց  տեղի կուտան միայն, երբ կը սպառի փամփուշտի պահեստը: Անոնք կր յաջողին ելլել եկեղեցիէն եւ ապաստանիլ Պէյթ Շալոմ որբանոցը ու հոնկէ կը շարունակեն դիմադրութիւնը։ Իսկ թուրքերը կը մտնեն Ս. Սարգիս եւ աւարելէ ետք կրակի կու տան եկեղեցին։
Հայեր խումբերով կ’ապաստանին շրջակայ անառիկ կարծուած վայրեր եւ իւրաքանչիւր խմբակ իր ուժերով կը փորձէ շարունակել ինքնապաշտպանութիւնը։
Ցաւօք բոլոր ինքնապաշտպանութեան համար մղուած պայքարներն ալ կ’աւարտին կոտորածներով, որովհետեւ ֆրանսացիները կը մերժեն ռազմամթերքով օգնել հայերուն։ Ֆրանսացիները այս ընթացքին իրենք եւս 500 զոհ կ’ունենան։ Փետրուարին Ատանայէն կը հասնի զօրավար Նորմանի երեք հազարնոց բանակը։ Ֆրանսական զօրքերը կը սկսին հարուածել թրքական թաղամասերը։ Թուրքեր զինադադարի եւ համաձայնութեան կոչ կ’ուղղեն։ Զօրավար Քերէթ կը յայտնէ, որ իրենց զօրքերը չեն եկած թուրքերը ջարդելու եւ Մարաշը կործանելու, իրենց պարտականութիւնն է ֆրանսական զօրքերու հեռացումը ապահովել, նաեւ կը յայտնէ թէ իրենք որոշած էին այդ օրն իսկ հեռանալ Մարաշէն։ Զօրավարը հայերէն գաղտնի կը պահէ մեկնումի որոշումը. ֆրանսացիները իրենց մեկնումը կը կազմակերպեն գիշերը, իրենց ձիերուն սմբակներն ու կառքերուն անիւները թաղիքներով կը փաթթեն, որ անաղմուկ դուրս կարենան գալ Մարաշէն։ Հայերուն աչքերէն ոչ մէկ բան կը վրիպի, դժբախտաբար անոնք տակաւին կը շարունակեն վստահիլ ֆրանսացիներուն. երեք հազար հայեր կը միանան ֆրանսական բանակին։Ետքը կրկին երկու հազար հայ կը միանայ անոնց. կարաւանին միացած հայերու խումբը ճամբան կ’ենթարկուի թրքական հրոսակներու յարձակումին եւ ամբողջութեամբ կը կոտորուի։
Հրոսակներու վոհմակը կու գար Ուլու ճամիէն, ուր արդէն հինգ հարիւր հայեր ջարդած  եւ ծնողներու արեան մէջ խեղդամահ ըրած էին իրենց զաւակները։ Ճամբան ձիւնն ու բուքը եւս իրենց  բացասական դերը կը կատարեն, ողջ մնացած հայեր ցրտահարուած կը մահանան: Անոնցմէ փոքր մաս մը կը հասնի Իսլահիէ կայարան, ուրկէ շոգեկառքերով կը փոխադրուի Ատանա։
Միայն 22 օրուան մէջ, հայեր  14 հազար զոհ կու տան Մարաշի մէջ։Նոյնը հետագային պիտի կրկնուէր նաեւ Ուրֆայի, Հաճնի, Այնթապի եւ Ատանայի մէջ։
Թէեւ ֆրանսացիներուն հեռացումով կրակն ու կոտորածը կանգ կ’առնեն, սակայն թուրք բնակիչներ չեն ձգեր, որ մնացող հայերը կարենան հանգիստ ապրիլ իրենց տուներուն մէջ, անընդհատ վախ եւ սարսափ սփռելով իրենց տարաձայնութիւններով եւ ազդարարութիւններով անոնք կ’ահաբեկեն հայերը։ Մնացող հայերը կը յուսահատին հալածանքէն եւ տնտեսական պարտադրուած դժուար պայմաններէն: Անոնք կրնային  հեռանալ, միայն  փաստաթուղթ կարենալ ստանալու պարագային, որ մեծ դժուարութեամբ կարելի կը դառնար, բաւական հին տուրքեր եւ մեծ գումարներ  վճարելէ ետք։ Անոնք իրենց ունեցած իրերը ջնջին գիներով կը ծախեն եւ կը մեկնին, ճամբու ընթացքին կրկին կողոպուտի եւ խոշտանգումներու կ’ենթարկուին։ Սուրիա հասնողներ կը ցրուին Հալէպ, Պէյրութ եւ Դամասկոս։
Հալէպ
Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան