Ցեղասպան թուրքին վայրագութիւնները, հարստահարութիւնները եւ սրբապղծութիւնները հոգեխռով ապրումով կը յիշէ ողջ հայութիւնը, միաժամանակ արդար պոռթկումով պահանջատիրական պայքար կը մղէ: Հայուն նկատմամբ թուրքին ցուցաբերած թշնամական վերաբերմունքը խստիւ դատապարտելի է: Հայեր ի տես ջարդարարին յարձակումներուն փորձեցին ինքնապաշտպանութեան դիմել, տէր կանգնելու համար հողերուն, եկեղեցիներուն, ազգապատկան կալուածներուն, տուներուն եւ իրենց սեփական ինչքերուն: Սակայն թուրքը զոհեր խլեց, իրաւունքներ յափշտակեց, անյագօրէն կողպտեց, սրբութիւններ ոտնակոխեց, հաւաքական ջարդեր կազմակերպեց, հայ երեւելի դէմքերը կախաղան հանեց, բազում ընտանիքներ աքսորեց, ապա սուրէ անցուց, մէկ խօսքով հայը բնաջնջելու համար որեւէ ճիգ չխնայեց: Ահա թէ ինչո՛ւ հայաշատ շրջաններ ամայացան, հայաբնակ գիւղեր բնակչութենէ դատարկուեցան, եկեղեցիներ կողոպուտի ենթարկուեցան կամ հրկիզուեցան, վանքեր քանդուեցան, անշիրիմ դիակներ անապատներու մէջ տարտղնուեցան: Միայն սակաւաթիւ վերապրողներ աստուածային նախախնամութեան շնորհիւ ստոյգ մահէն փրկուեցան եւ դարձան վկաները ցեղասպանութեան: Անոնց մտքին մէջ անջնջելի մնացին արիւնոտ պատկերները եւ սրտաճմլիկ տեսարանները: Անոնց յիշողութեան մէջ դրոշմուած էին ցեղասպանին ամօթալի բռնարարքները: Տարիները թաւալեցան, ժամանակները փոխուեցան եւ պայմանները տարբեր ընթացք ունեցան: Բայց աշխարհացրիւ հայութեան համար Հայ Դատը երբեք չկորսնցուց իր նշանաբանը եւ նպատակը: Հակառակ անցնող 105 տարիներուն, տակաւին հայը կը խօսի իր պապենական բնօրրանին մասին, հայը կը յիշէ իր տոհմածառին նահատակները, կը գիտակցի թէ ջարդարարին ոճիրներուն հետեւանքները կը կրեն այն գաղութները, որոնք գոյացան յետեղեռնեան շրջանին: Իւրաքանչիւր հայ խորապէս կը ցաւի, երբ ցեղասպանը «արդարացման» փորձեր կը կատարէ: Երբ պատմական իրականութիւնները խեղաթիւրելը «իրաւական» կը նկատէ, երբ բացայայտուած ճշմարտութիւնները խուլ խիղճերուն կը ներկայացնէ:
Տխրահռչակ կեղեքումներու եւ բիւրաւոր անմեղ զոհերու թատերաբեմ հանդիսացաւ Արեւմտեան Հայաստանը: Մարդկայնութենէ զուրկ աւազակախումբեր անխնայ հարուածեցին, մահուան սարսափը տարածեցին, դաւեր նիւթեցին, խափանարար ծրագիրներ իրագործեցին եւ ընծայուած հնարաւորութիւնները օգտագործեցին նենգութեամբ, չարահաւատութեամբ, ինքնահաճոյ մտայնութեամբ եւ աստուածամերժ տրամադրութեամբ: Սակայն վերապրող հայը կառչած մնաց իր ինքնութեան եւ մշտապէս հաղորդ եղաւ պատմութեան: Վերապրող հայութիւնը աքսորի փոշին թօթափեց, ողբի փոխարէն կեանքի երգը երգեց, ապրիլ ուխտեց, պայքար մղեց, սուգը բաւ համարեց, վերապրումով վկայութիւն եւ պայքարով պահանջատիրութիւն վճռեց: Սա կþապացուցէ, թէ կեանքը հանգրուանային ընթացք է: Ոչ միայն մեր կեանքի օրերուն, այլ՝ նախքան մեր ծնիլը: Երբ մեր սաղմնային վիճակին մէջ էինք, մեր մօրը որովայնին մէջ կազմաւորուեցանք եւ աճեցանք հանգրուանային դրութեամբ, մինչեւ որ կամօքն Տիրոջ լոյս աշխարհ եկանք ժամանակի լրումին հետ: Հայն ալ ժամանակի թաւալումով ցաւի եւ տառապանքի հովիտէն անցաւ, վիշտերուն ընդմէջէն տոկալ սորվեցաւ, օտար ափերուն մէջ դաժան պայմաններուն համակերպեցաւ՝ մնալով հաւատարիմ իր կոչումին: Վշտակիր մեր նախնիները հաւատքի ջահը փոխանցեցին. իրենց կեանքի ընթացքով յոյս ներշնչեցին եւ գալիք սերունդին յորդորեցին յուսահատական վիճակ չունենալ, այլ՝ հաւատքի վեհութեամբ, լեզուի պահպանութեամբ եւ պատկանելիութեան գիտակցութեամբ ընթանալ յառաջ՝ դէպի անամպ հորիզոններ: Հաւաքաբար կը յիշենք թէ նահատակ ժողովուրդի զաւակներ ենք: Ո՛չ ցեղասպանին սուրը, ո՛չ անոր զինակիցներուն դաւադրութիւնը, ո՛չ անապատին կիզող արեւը, ո՛չ աքսորի փշաբեր ուղիները, ո՛չ քայքայուած ընտանիքներուն տխուր պայմանները, ո՛չ ամայի ճամբաներուն կորստաբեր ելքերը կրցան կասեցնել հայուն պատուաբեր երթը, սպառել եռանդը, անշուք ակիւնի մէջ սահմանափակել հայու հոգին կամ անլսելի դարձնել Հայ Դատին կանչը: Ուստի, գոհութիւն Աստուծոյ: Որովհետեւ՝ Հայը Գողգոթայէն անցաւ այլակերպութեան լեռ: Փորձութեան անապատէն եկաւ դալար արօտավայր: Աւագ Ուրբաթէն հասաւ Յարութեան Կիրակի: Փոթորկոտ արեան ծովը ճեղքելով կանգ առաւ խաղաղ նաւահանգիստի վրայ: Սուգի տրտմութենէն առողջացաւ եւ պայքարի կամքով գօտեպնդուեցաւ: 24 Ապրիլէն 28 Մայիս անցաւ:
Ուրեմն, Ապրիլեան նահատակներուն կտակն է անժամանցելին: Բիւրաւոր զոհերուն յիշատակն է անթաղելին: Հաւաքական ճիգերով գործելն է անյետաձգելին: Մեր նահատակներուն 100-ամեակը նոր փուլ էր: Անոնք սրբադասուեցան եւ սքանչելի պատուանուն ստացան: Անոնք մղիչ ուժ են գոյապայքարի, յստակատես ձգտումի, անվերապահ նուիրումի եւ ազատատենչ իտէալի:
Հետեւաբար, մեր երթը անխափան շարունակելու ենք: Ցեղասպանին մութ ծալքերը ծածուկ չեն մնար: Սովորաբար իրականութիւնը ժխտելը կամ ուրանալը ոճրագործին նկարագրային գիծերէն է: Նոյն մօտեցումն է, զոր որդեգրած են ցեղասպանին որդիները: Այստեղ տեղին է յիշել մեր Տիրոջ խօսքը երբ կ’ըսէ. «Դուք արդէն կը վկայէք, թէ որդիներն էք անոնց, որոնք մարգարէները կոտորեցին: Գացէք ամբողջացուցէ՛ք ձեր հայրերուն կիսատ ձգած գործը: Օձե՛ր, իժերո՛ւ ծնունդներ, ինչպէ՞ս պիտի կարենաք փախուստ տալ դժոխքի դատապարտութենէն» (Մտ 23):
Ցեղասպանին որդիներուն արդարութեան կշիռքը նենգուած է: Իմաստունը կ’ըսէ. «Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է» (Առ 11.1): Նոյն իմաստունը՝ Սողոմոն կ’ըսէ. «Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝ երկուքն ալ Տէրոջը առջեւ պիղծ են» (Առ 17.15): Ինչ զազրելի եւ գարշելի մօտեցում: Իմաստունին հաստատումին համաձայն թուրքը իր ամբարիշտ նախնիները արդարացնելով Տիրոջ առջեւ պղծութիւն կը գործէ: Ուստի, մասնակից է անոնց մեղքին:
Արդարութիւնը անարձագանգ չի մնար: Արդարութեան կողմնակիցը ճակատաբաց կը կանգնի ընդդէմ ստութեանց եւ անիրաւութեանց: Իսկ ստախօսը յայտնած կ’ըլլայ թէ Սատանայի գործելակերպ ունի, քանի Սատանան «Ստութեան հայր» է (Յհ 8.44): Ստութեան սեւ ամպերը չեն կրնար ծածկել ճշմարտութեան ճառագայթները, որոնք կեղտ հաշիւներէն եւ խաբեբայ հնարքներէն վեր կը մնան: Ճշմարտութեան երկուորեակը արդարութիւնն է: Ճշմարտութիւնը մերժողը անարդար է, միականի մը, որ պղտոր կը տեսնէ: Այդպիսին տատանելով պիտի իյնայ, գուցէ կորսնցնէ իր տեսողութիւնը եւ գետին մնալով թաղէ իր խիղճը, բարոյականը եւ մարդկայնութիւնը:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան