Եփրատի աջ ափին
Հոն ուր տակաւին ծառերը կը յիշեն
գարունը որ անցաւ կարմիր
եւ պտուկները ծաղկեցան կարմիր
եւ երկինքը խելագարած գահավիժեց
գիշերները երկայն էին այդ գարնան
առաւօտները կը մխային
ոչ մէկ Առաւօտ լուսոյ
առաջին տողէն ետք երկրորդը չէր գար
ճաթած շրթներու
բայց շարականը կը հնչէր մեղմիկ
որպէս արձագանգ մեռած ձայներու
հռնդիւններու որպէս «Ի վերին …»
եւ կը թափառէր
խորան փնտռելով
եւ շարականը նշեց իր ճամբուն
խորաններն ամբողջ կամարուած շքեղ
յետոյ քանդուած
Անիէն Տէր Զօր
Ինք դարձաւ կամար
Որբերուն գլխուն եւ մեր բոլորին
Արդար ափերով բանուած երկինքը
Եւ շարականը ղօղանջ ահաձայն
Լուրթ երկնին վրայ
Արդարութիւնը օր մը պիտի գայ
Մարուշ Երամեան