1939-ը թուականի ամառը հասած էր աւարտին, բերքը առատ էր, ընտանիքն ու գործաւորները հեւ ի հեւ աշխատած էին, պաշար ամբարած: Նահապետական կարգ էր բաց սեղանը, գործաւորներու արդար բաժինը բերքէն ու ձմեռնամուտի պատրաստութիւնը:
Այդ տարին աշնանամուտը արտասովոր եղաւ, գիւղը յանկարծակի շրջապատուեցաւ ժանտարմաներով ու հնչեց արտաքսման կոչը:
«Տէ՛, գացէ՛ք, բաւական է որքան վայելեցիք այս հողին բարիքները…Փառք տուէք, որ կառքով կը ճամբենք ձեզ, ապահո՜վ… Փառք տուէք Աստուծոյ, յիշեցէ՛ք, յիշեցէ՛ք սաֆարպէլիքը, ջարդերը…»:
 Կառքին մէջ տեղաւորուեցաւ ընտանիքը: Մարին դատարկ զամբիւղը ձեռքը նայեցաւ մեծ մօրը:
Նարնջենիներու ճիւղերը առատ պտուղներու բեռին տակ կքած էին, տէրերուն արտօնուած չէր քաղել: Գրաւողները տիրացած էին ամէ՜ն ինչի… ամէ՜ն ինչի:
 Ֆրանսան ծախած էր Աղէքսանդրէտը (Իսկանտարուն), բնակչութիւնը կազմող իւրաքանչիւր անձի համար հատուցում վճարելով մէկ օսմանեան ոսկի: Մեծ պետութիւններու միջեւ կնքուած համաձայնութիւն էր, հպատակները պարտաւոր էին հնազանդիլ:
 Մեծերը մօտ քառորդ դար առաջ աքսոր ու ջարդ տեսած էին, Հասանպէյէն քալած էին անիծեալ ճամբով, եկած ու հաստատուած՝ Սուրիական հողի այս բաժնին վրայ: Հիմա այս հողաբաժինն ալ անհասկնալի կերպով կը շնորհուէր թուրքերուն:
 Թուրքիան համաշխարհային առաջին պատերազմէն ամօթալի պարտութեամբ դուրս եկած պետութիւն էր, ինչո՞ւ այս գնահատականը:
 Մարի դատարկ զամբիւղը, որ պարտէզի միրգերով լեցուն կ’ըլլար, երկարեց առաջ, կառքը քաշող եզը ցնցուեցաւ, զամբիւղը ինկաւ կառքի անիւներուն տակ, ճզմուած, ծռմռած մնաց ճամբեզրին: Մարի կծկուեցաւ մեծ մօր կողքին, այնքա՜ն սարսափած էր մտրակը ձեռքը եզը խթանող ժանտարմային դաժան նայուածքէն:
Նարնջենիներուն ճիւղերը ցանկապատային իրենց սահմաններէն դուրս կախուած՝ հասուն նարինջներու բերքով, կը խայտային, կը փնտռէին իրենց տէրերուն հոգատար ձեռքերը:
 Փոշին կառքի անիւներուն տակէն բարձրացաւ եւ արագաշարժ շուքի վերածուելով հետեւեցաւ իրենց: Միւս կառքերը եւս կը շարժէին, իւրաքանչիւրը իրեն բաժին ինկած փոշին տանելով ետեւէն:
Պտղատու ծառերուն շարքերը աստիճանաբար փոքրացան ու անհետացան… մնացին հոն, այն հողին վրայ, որ նուիրաբերուած էր նոր տէրերու:
 Մեծ մայրը խաչակնքեց, մայրը սրբեց արցունքները, հարս ու կեսուր հազիւ կրցած էին իրենց ոսկեղէնը եւ քանի մը ծրար վերցնել իրենց հետ, նեղ օրեր պիտի դիմագրաւէին:
Նորածին քոյրը՝ Պերճուհին լացաւ, մայրը սեղմեց զայն գիրկը ու ամօթխած հանեց կուրծքը. Կարապետին գլուխը ինկաւ մեծ մօր թեւին վրայ, կառքին ճօճումները խաղաղ քուն պարգեւեցին անհանդարտ տղեկին.
– Լաւ որ Աղան գնաց, այս օրերը չտեսաւ, տունը-տեղը, դրախտի պէս պարտէզը առին այդ անիրաւները,- փղձկեցաւ մեծ մայրը:
 Մարի դիտեց նորածին քոյրիկը, որ անյագօրէն կը ծծէր մօր կուրծքը:
 Կառքին փոքր պատուհանին սահմաններուն մէջ, գորշ երկինքին վրայ լուսնի մահիկը պահ մը երեւցաւ ու անհետացաւ: Կայծակը փայլատակեց, որոտումը թնդաց… յորդ անձրեւը ծեծեց կառքին տանիքը, կաթիլներ խուժեցին ներս:
Մեծ մաման գրկեց վախէն դողդղացող Մարին, անոր գրկին մէջ թարմ հացի հոտ կար.
– Նէնէ անօթի եմ,- փսփսաց Մարի:
– Հա՜ ձագուկս, տամ հաց, քիչ մըն ալ համբերէ,- մեծ մօր խորշոմած ձեռքը ծրարին մէջէն հանեց հացի կտորը ու երկարեց Մարիին:
– Կեր ձագուկս,- խռպոտ ձայնը խեղդուեցաւ որոտումի դղրդիւնին մէջ:
– Մի՛ վախնաք, շուտով Հալէպ կը հասնինք,- խրախուսեց հօրը ձայնը:
 Մթութիւնը աստիճանաբար կը սողոսկէր, կը թանձրանար… հօրը ծանր ձեռքը խանդաղատանքով շոյեց Մարիին գլուխը:
 Կառքի առաստաղը ծեծող կարկուտը կը նախագուժէր գաղթական ընտանիքին գլխուն վրայ ճօճուող պատուհասը:
* * *
Կառքերը կանգ առին նեղ թաղի մուտքին, եկեղեցիի մը դրան առջեւ:
Բարի աչքերով մարդիկ մօտեցան, առաջնորդեցին զիրենք հսկայ սրահ մը, հաց եւ տաքուկ ծածկոցներ բաժնեցին:
 Մեծ մայրը մոմ տուաւ Մարիին, ձեռքը բռնեց ու մտան եկեղեցի: Ան ձեռքերը տարածած աղօթեց: Պատերուն վրայ դրոշմուած սրբանկարներու լուռ, սառած նայուածքները քաջալերական ոչինչ կը թելադրէին: Իսկ ամենասարսափազդուն ներքին պատի հսկայական պատկերի սատանաներն էին, անոնցմէ մէկը… բերնէն բոց ու կրակ ժայթքեցնող ահաւոր սաթայէլը, գրկած էր փոքրիկ մը, ճիշդ Մարիին տարիքին։
– Մենք միայն Աստուծոյ կը վստահինք,- ըսաւ մեծ մայրը:
 Մարի կրկին աչքերը յառեց սատանաներուն նկարին, ուր սուրբեր եւ հրեշտակներ ալ կային, բայց զարմանալիօրէն սատանաները գրաւած էին ուշքը, կը դողդղար…
 -Աստուած պապան կը պատժէ չարերը, իսկ բարիներուն ահա այդ գեղեցիկ դրախտին մէջ տեղ կու տայ,- բացատրեց մեծ մայրը նկատելով թոռնիկին զարհուրանքը:
– Մեր պարտէզը դրախտի չափ գեղեցիկ է կ’ըսէիր …- բացագանչեց Մարի մանկական ընդվզումով:
 Մեծ մայրը տխուր գլուխը օրօրեց.
– Մեր պարտէզը այս դրախտէն աւելի գեղեցիկ է,- կրկնեց Մարի անդրդուելի եւ ինքնավստահ, նկարը մատնանշելով:
– Այդ հողերը այլեւս անհաւատներուն ձեռքը մնացին, այդ արիւնարբու ազգը չկշտացաւ մեր ունեցածը յափշտակելէ,- մրթմրթաց մեծ մայրը:
– Նէնէ… ուրեմն Աստուած պապան թող պատժէ իրենց, ինչո՞ւ մեր դրախտը առին:
Մեծ մայրը չպատասխանեց, քաշեց ձեռքէն ուղղուելով դէպի ելքի դուռը, մինչ Մարիին նայուածքը կառչած մնաց փոքրիկը գրկած սատանային կարմիր երախին ու դժոխքի կարմիր-կարմիր բոցերուն:
 Պատկերները խառնուեցան, դրախտի նման իրենց պարտէզին սեմին կանգնած զէնքերով, լայն ու լպիրշ ժպիտներով ժանտարմաները այդ սատանաներուն այնքան նման էին:
Եկեղեցիի սրահին մէջ իրենց տուներէն դուրս շպրտուած Աղէքսանդրէտի շրջանի հայ ընտանիքներ, իւրաքանչիւրը կարպետ մը փրած, գետինը ժամանակաւոր տեղաւորուած էին: Օրէ-օր վիճակը կը բարդանար, նորեր կը ժամանէին:
Մայրը գաղտագողի քակեց ծոցի ծրարը ու ոսկի մը երկարեց ամուսնոյն:
Յաջորդ օրը Սահա հայաշատ շրջանի արաբական բակի մը մէջ, հայրը վարձով երկու ընդարձակ սենեակներ ապահոված էր… ընտանիքը լծուած էր գործի, մեծ մաման հորէն ջուր կը քաշէր, Մարին՝ նոյնիսկ հազիւ քայլերը հաւասարակշռող Կարապետը ջուրով լեցուն փոքրիկ դոյլերը կը հասցնէին մամային:
Իրիկունը ընտանիքը գետինը սփռուած «լաթէ սեղան»ին շուրջ հաւաքուած կը ճաշակէր ընթրիքը:
– Տղա՛ս, մէկ սենեակ կը բաւէր մեզի, նեղ օրեր են..
Հայրը խեթ նայեցաւ մօրը ու պատառը կուլ տալով անկիւն մը քաշուեցաւ:
Մայրը իրաւունք ունէր, նեղ օրերը փակ դրան ետեւ պահուըտած գողի նման կը սպասէին: Ամիս մը ետք միւս սենեակը պիտի յանձնուէր այլ գաղթական ընտանիքի մը, լաւ դրացի ունենալու եւ նեղ օրերը դիմագրաւելու հեռանկարով:
Հայրը գործ կը փնտռէր, հողի մարդ էր, բահ ու բրիչ բռնող, այս քաղաքին մէջ ի՞նչ աշխատէր:
 Օր մըն ալ ծանրոցներով, համով ուտելիքներով, զինուորական տարազով մտաւ տուն:
– Ֆրանսական բանակին զինուոր արձանագրուեցայ, այլեւս ամսական ունիմ, հանգիստ կ’ապրինք:
Մեծ մայրը խաչակնքեց, մայրը անորոշ, ծամածուռ ժպիտ մը գծեց շրթունքներուն վրայ:
– Ի՞նչ, չհաւնեցա՞ք, հապա ամէն շաբաթ մուրացկանի նման ձեր փէշէն ոսկի մը առնեմ տանիմ ոսկերիչ Արթինին… դուք կը հասկնա՞ք վիճակս, կը հասկնա՞ք ինչ կը զգամ:
Հայրը ծանրոցները թափով դրաւ սեղանին, մշիկ-մշիկ քնացող աղջնակը ցնցուեցաւ ու սկսաւ ճչալ: Փոքրիկ Կարապետը վազեց ներս ու հիացած նայուածքով փարեցաւ հօրը:
– Պապա՜, պապաս քաջ զինուոր,- հազիւ թոթովեց:
– Խնձոր.. խնձոր,- Մարին ձեռքը երկարեց տոպրակին:
Մեծ մայրը փակեց դուռը ու անխօս եփած ճաշի կաթսան դրաւ յատակին, արդէն ճաշելու յատուկ ծղոտէ կլոր «թափիր» ունէին:
– Տղա՛ս, մենք աքսոր տեսած ենք…- փորձեց մեղմացնել:
Մայրը գրկեց փոքրիկը ու սկսաւ կերակրել: Մարին եւ Կարապետը ճաշը ծամելով անկուշտ կը դիտէին հօր նոփս նոր, փայլուն կոճակներով համազգեստը: Աշխարհի վրայ իրենց հօր նման շէկ, լայնաթիկունք ու քաջ պապա չկար:
Հայրը թելադրեց հաւաքել իրերը Մունպուճ երթալու, զինուորի ընտանիքը թափառական կեանքով կ’ապրէր հետեւելով բանակի գերագոյն հրամանատարի հրամանին:
– Տղա՛ս, ես աղջկանս տունը կ’երթամ, իմ տարիքիս տեղէ-տեղ թափառիլը դժուար է:
Հայրը լուռ մնաց, հաւանութեան նշան էր:
* * *
 Մունպուճ քաղաքին մէջ շրջան մը ապրելէ ետք, տան սակաւաթիւ իրերը հաւաքեցին, ուղղուեցան դէպի երկրի հիւսիսարեւելքը:
Ֆրանսական բանակին ծառայող զինուորները, մեծ թիւով հայեր, հաստատուած էին Ռաս ուլ Այն (աղբիւրի գլուխ) փոքրիկ գիւղաքաղաքին մէջ:
Հողածածկ փողոցներ ու արաբական բակեր, բակերուն մէջ ուս-ուսի տուած սենեակներ, իւրաքանչիւր սենեակի մէջ ծուարած ընտանիք մը: Բոլորը մէկ սիրտ, մէկ հոգի, բոլորը աքսորի, չքաւորութեան ու տառապանքի երկրորդ սերունդ… այդ տառապանքը մաշած, բայց ազնուացուցած էր հոգիները:
Բակերը փոքրիկներուն խաղավայր, մայրերուն հաւաքատեղի էին, մինչ զինուոր հայրերը արտնին հոգերը վստահած մայրերուն ու մեծ մայրերուն, որպէս կարգապահ ծառայողներ պարբերաբար միայն կրնային այցելել իրենց ընտանիքներուն:
Մարին ու փոքրիկ եղբայրը Կարօն խառնուած բակի փոքրիկներու խումբին կը վայելէին երջանիկ մանկութիւն, նոյնիսկ երբ մեծերը փսփսուքով ու խոժոռ դէմքերով խօսէին պատերազմի մասին:
 Աշնանային առաւօտ էր, քամին կը հաւաքէր փոշոտ քաղաքի առատ փոշին ու Հո՜ււււււււ սուրալով կը փչէր աջ ու ձախ:
 Քամի՞ն էր, թէ լրաբերը ուժգին թակեց բակին դուռը, Թրվանտա մամիկը՝ բակի կիներու ամենատարեցը, խոնջած սրունքներուն վրայ շորորալով, աջ ձեռքը կողին, ձախով կոնքը շփելով հասաւ սեմին, զինուորական մըն էր դրան առջեւ խեղճուկ սպասողը: Բոլոր սենեակներու դռներէն գլուխները առաջ երկարեցան… պատերազմը սկսած էր, ամուսինները ամիսներով կը բացակայէին, արդէն սեւ լուրեր կու գային:
Սեւ լուրը աներեւոյթ սուրի նման կը կախուէր ընտանիքի գլխուն եւ նիւթական, հոգեկան անտանելի վիճակը իր յորձանքին մէջ կ’առնէր զայն՝ զոհուողին կինն ու զաւակները մատնելով խոր դժբախտութեան:
 Սեւ լուրը Կիւլէնիայի ընտանիքինն էր:
– Կիւլլի՜ւ, աղջիկս, ամուսինդ շատ բարի մարդ էր, դրախտ գնաց:
Թրվանտա մամիկը մխիթարական խօսքեր կը փնտռէր:
– Աստուած իմ, երեք որբուկներով ինչ պիտի ընեմ, ուր տարիր ամուսինս: Այդ գազան թուրքերը սիրէ… հա՜, այդ գազաններուն դժոխքիդ մէջ տեղ տուր, մենք պէտքը չունինք դրախտիդ,- մայրը փետտեց մազերը:
– Մեղա՜յ իմ, Տէր, ինչե՜ր կը խօսիս աղջիկս, մեղա՜յ, մեղա՜յ,- Թրվանտա մամիկը գրկեց մօր ուսերը ու լացաւ, լռելեան իրաւունք տալով անոր:
 Դրացիները մէկ մարդու նման կեցան իրենց կողքը, բոլորը սգակիր էին, նոյնիսկ փոքրիկները հրաժարած էին խաղալէ: Բակին մէջ քար լռութիւն կը տիրէր, պիտի սպասէին պաշտօնական թաղումին, ո՛չ դագաղ կար, ո՛չ… դիակ:
«Թաք, թաք, թաք»:
Ուշ գիշերին դրան թակոցը արձագանգեց բակին մէջ, Թրվանտա մամիկը ձայն տուաւ.
– Խէր ըլլայ, նորէ՞ն ինչ կայ…- վերցուց լապտերը ու վախվխելով ձայն տուաւ:
– Այս ժամուն ո՞վ է…
– Մի՛ վախնաք, ես եմ, Պաղտասարը:
– Յիսուս Քրիստոս, դուն, դուն…- կակազեց Թրվանտա մամիկը, լապտերը ձեռքին ուղղուելով դէպի դուռը:
Դրան շեմին զինուորի տարազով հայրիկն էր տժգոյն, տառապած աչքերով, բայց երջանիկ:
Բակի սենեակներուն դռները կամացուկ ետ գացին ու շուքերը անշարժացան:
Մայրը ցնցուեցաւ, խաչակնքեց, մոռնալով պահպանողական օրէնքները, անտեսելով ներկաները, փաթթուեցաւ ամուսինին վզին, Թրվանտա մամիկը արագ փակեց սենեակին դուռը:
– Քա՜, ինչ սառեր կեցեր էք, ամէն մարդ իր սենեակը… ամօթ է քա՜:
Երազ չէր, հօրը ձեռքին վիրակապ կար, Աստուած պահած էր զինք, գրոհելու հրաման էր, կողքի երկու զինուորները ինկած էին ձիերէն ու… մինչ իր ձին ծառանալով սուրացած էր կրակի մէջէն դուրս քաշելով զինք:
– Իմ ասլանս, հիմա ան ալ բուժումի պէտք ունի,- տխուր կը պատմէր հայրը:
Հրաշք էր, բայց ընտանիքը ուրախութիւնը բարձրաձայնելու իրաւունք չունէր, կողքի բակին մէջ միւս երկու զինուորներուն սեւ լուրը հասած էր հօր լուրին հետ:
– Պա՛պ, ինծի ալ հետդ տար,- կը թախանձէր Կարօն:
Հայրը շոյեց տղուն գլուխը, աղջնակին ու Մարիին սեղմեց կուրծքին ու կնկան ձեռքին մէջ զոյգ մը ոսկի դնելով ըսաւ.
– Կիւլլիւ… զաւակներս բանէ մահրում չընես, քանի մը ամիսէն կրկին արձակուրդի կու գամ:
Պատերազմի շրջանին զինուորներու ընտանիքները մասամբ բախտաւոր էին, պարէն կը ստանային, ամսական ունէին… բայց ինչ բախտաւորութիւն, երբ սեւ լուրը սեւ քօղով կը ծածկէր ամէն ինչ:
Ահաւոր է պատերազմը, համաշխարհային պատերազմը, դաշնակից պետութիւններ համաձայնագրերով կը վաճառեն իրենց հպատակներուն կեանքը, ժողովուրդը կը հեծէ զոհեր տալով, սով ու զրկանքներ կրելով:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի սերունդի զաւակներն ու թոռները, որոնք իրենց հողերէն դուրս շպրտուելով, ջարդուելով, կոտորուելով հասած էին այս երկիրը, կը ներգրաւուէին երկրորդին մէջ, վասն ինչի՞, ինչո՞ւ կը կռուէին այս զինուորագրուած հայերը: Պարզապէս գոյատեւելու, իրենց ընտանիքի օրուան հացը ապահովելու սիրոյն զինուորագրուած այս հայորդիները: Այս խառնակ օրերուն հազարապետին շունը աւելի բախտաւոր էր քան հասարակ երկրացին:
 Գարուն էր, հայրը եկաւ ձիուն վրայ հեծած: Ձին գեղեցիկ էր ու հայրը իր զաւակներուն չափ կը սիրէր իր կեանքը փրկած ձին: Ամէն առտու խրոխտ ու երջանիկ հեծած ձիուն վրայ, աղբիւրի մօտ ուր կը հաւաքուէին արձակուրդի եկած միւս զինուորները, զբօսանքի կը տանէր սիրելի իր աղջնակը:
Պատերազմը դանդաղ քայլերով պիտի ուղղուէր դէպի աւարտ, բոլորը լաւատես էին չիմանալով թէ ինչքա՜ն զոհողութիւններ ու զոհեր եղած էին, չիմանալով թէ աշխարհի մեծերը ինչ գաղտագողի համաձայնութիւններ ու զիջումներ ըրած էին:
Զինուորներու ընտանիքները աւելի երջանիկ էին, վտանգաւոր օրերը պիտի չքուէին… մօր աչքերուն մէջ այլ թացութիւն կար, երջանկութեան փայլքը, որ սակայն…
Ո՞վ չհանդուրժեց ընտանիքի երջանկութիւնը:
Հայրը քանի մը օր ետք հիւանդացաւ:
Այդ գիշեր, երբ հայրը տաքութեան մէջ կը զառանցէր ու կը դողար, մայրը շուարած թրջոցները կը փոխէր, ախոռէն կը լսուէր ձիուն վրնջիւնը, ան անհանգիստ կը դոփէր գետինը:
Գիւղի միակ բժիշկը գլուխը օրօրեց, ախտը թունաւոր էր, անկարելի էր կանխել:
Մարի աչքերը ամուր փակեց ու ճչաց… երկար պոչով ու կարմիր երախով սաթայէլը ցցուած էր իրենց սենեակին դրան առջեւ: Մայրը եւս կը ճչար: Հօր ապակեայ նայուածքը ափսոսանքով քամուած էր գորշ պատին:
– Գնաց… գնաց,- ծունկերուն զարկաւ մայրը:
Բակի սենեակներէն բոլորը փութացին օգնութեան, բայց ոչինչ կարելի էր ընել…
– Եաւրում… պապադ շատ բարի մարդ էր, դրախտ գնաց,- ըսաւ Թրվանտա մամիկը շոյելով Մարիի գլուխը:
 Այսինքն հոն՝ ուր մնաց իրենց տունը, պարտէզը, որ նման էր դրախտի… հոն կը թեւածէր հօրը հոգին:
Այդ օրերուն հազարաւորներ կը սպանուէին պատերազմի ճակատի վրայ.. յետոյ կու գային նորերը զինուորագրուելու: Ֆրանսական բանակին մէջ զինուորը անուն չէր, այլ թիւ… ու թուաբանական օրէնքներով բանակէն ոչ թէ Պաղտասարը այլ թիւ… զինուորը պակսած էր… ան ալ ոչ թէ պատերազմի դաշտին վրայ, այլ արձակուրդի ընթացքին թունաւոր ախտէն մահանալով:
Թուրքի նման անողոք էր հօր կեանքը խլող ախտը:
Դժուար օրեր էին:
4/2020 Երեւան
Պերճուհի Աւետեան