«Երկիր».-26 Ապրիլ 2020-ին, առաւօտեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի եւ Երեւանի մէջ գործող Կոմիտէներու մէկական ներկայացուցիչներ ծաղկեպսակ զետեղած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ:

Նկատի ունենալով բոլոր ընկերներու եւ համակիրներու կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանը այցելելու եւ նահատակներու յիշատակին յարգանք մատուցելու անկարելիութիւնը, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէն ՀՅԴ Երեւանի կառոյցի բոլոր ընկերներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ համակիրներուն անունով ծաղկեպսակ զետեղած է: