Քրիստոսի փառաւոր յաղթանակով երջանկանալէ ու վերանորոգուելէ ետք, ժողովուրդը կը պատրաստուի դիմաւորելու Սրբուհի Կոյս Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած պանծալի Մայիս ամիսը: Այս ամիսը իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի համար ուրախութեան ու ցնծութեան ամիս է, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին է, որ կը պատուուի Մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ մայրը շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ քարոզներու միջոցաւ: Այս ամիսը մեզի կու գայ ըսելու, թէ երբեք չմոռնանք մեր Տիրոջ մայրը, որ միշտ Անոր հետ եղաւ Անոր կեանքի ամէն հանգրուաններուն: Ան էր, որ զԱյն ծնաւ, սնուցանեց, մեծցուց. ան նաեւ առաջին անձն էր, որ Անոր հետ եղաւ Անոր երկրաւոր առաքելութեան սկիզբը, ինչպէս՝ Կանայի հարսանիքին (Յհ. 2. 1-12): Աւետարանիչները Քրիստոսի քարոզութիւնները գրի առնելու ժամանակ իրենց Վարդապետին մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն մասին անտեղեակ էին: Անոնք իրենց աւետարանները գրելու համար պէտք ունէին այդ բոլոր տեղեկութիւններուն, եւ այդ պատճառով անոնք հարցուցին Յիսուսի մօր՝ Մարիամի, կարգ մը դրուագներու մասին տեղեկանալու համար: Այս դրուագներէն կամ դէպքերէն են. Ա) Յիսուսի ծնունդին աւետումը (Ղկ. 1. 26-45), Բ) Յիսուսի ծնունդը (Մտ. 1. 18-25 եւ Ղկ. 2. 1-7), Գ) Մոգերուն այցը (Մտ. 2. 1-12), Դ) Անոր տաճար ընծայումը (Ղկ. 2. 22-38) եւ այլն:
Ս. կոյս Մարիամ իր հաւատարմութեամբ, կատարեալ հաւատքով, հեզութեամբ, բարութեամբ եւ աստուածահաճոյ կենցաղով, արժանացաւ փառքի մը, որ մէկը չէ ունեցած եւ պիտի չունենայ: Ան Իր խոնարհութեամբ բարձրացաւ, իր մաքրակենցաղութեամբ օրինակ դարձաւ ուրիշներուն: Ան իր գործերուն պատճառաւ Քրիստոսի եկեղեցիին եւ բովանդակ Քրիստոնեայ աշխարհին կողմէ կը նկատուի իբրեւ կեանք նորոգող եւ անմահութիւն պարգեւող կենսունակ աղբիւր:
Իբրեւ քրիստոնեայ, չեմ կրնար Մայիս ամսուան ընթացքին լուռ մնալ ու չխօսիլ Աստուածամօր մասին: Ուստի, հարկ կը համարեմ այս ամիս, ընթերցողներուն հրամցնել Աստուածամայրը իր բոլոր կողմերով: Մարիամը ճանչնալու համար նախ պէտք է խօսինք անոր ծնողներուն եւ կենսագրութեան մասին: Անոր մասին Աստուածաշունչին մէջ եղած ակնարկներուն մասին խօսելու համար, պէտք է Մարիամը տեսնենք Հին ու Նոր Կտակարաններուն մէջ: Իսկ եթէ կ’ուզենք աւելիով հարստացնել մեր գիտութիւնը Մարիամի մասին, պէտք է որ դիմենք մեր եկեղեցւոյ հայրերուն գրած շարականներուն, ինչպէս նաեւ պէտք է, որ Աստուածածնի նուիրուած տօներուն մասին ալ խօսինք: Այսպիսով, մենք Աստուածամօր մասին բաւական հարուստ գիտելիքներ ամբարած կ’ըլլանք:
Ամէն բանէ առաջ, կ’ուզեմ ըսել, որ չորս աւետարաններուն՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի մէջ, Մարիամի ծնողներուն եւ անոր կենսագրութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն չենք գտներ: Սակայն, Աւետարան ըստ Յակոբոսի կոչուած երկրորդականոն (երկրորդականոն կը կոչուին այն գիրքերը, որոնք դուրս մնացած են Նոր Կտակարանի կանոնէն) գիրքին մէջ կը գտնենք զայն: Այդ գիրքերուն դուրս մնալու պատճառներէն մէկն է անոնց բովանդակութեան հաւաստիութեան պակասը: Մենք միասին պիտի տեսնենք յիշեալ երկրորդականոն աւետարանին մէջ Մարիամի ծնողքին եւ իր մասին տրուած տեղեկութիւնները, սակայն միշտ ի մտի պէտք է ունենանք, թէ այս տեղեկութիւնները կրնան ճիշդ չըլլալ:
(Շար. 1)
Շանթ Կիս. Սրկ. Գատէհճեան