«Էրմէնիհապէր».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժի` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի հիմնադրած Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլուն կոչ ուղղած էր սեփական անցեալին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առերեսուիլ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առթիւ ընկերային ցանցի իր էջին վրայ Թանրըքուլուն գրած  էր․ «24 Ապրիլ 1915-ին  հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան Իսթանպուլի մէջ եւ Չանքըրը ու Անգարա տարուեցան եւ անհետ կորսուեցան: Եւ որովհետեւ անցեալի հետ տակաւին  չենք առերեսուած, վէրքերը երբեք չեն բուժուիր»:

Այս առնչութեանբ եւ ԺՀԿ-ի  քանի մը անդամներու կողմէն նախապէս ցեղասպանութեան մասին կատարուած այլ նմանատիպ յայտարարութիւնները Թուրքիոյ մէջ խիստ բացասական արձագանք  գտած են:

Արձագանգողներէն մէկն էր նոյն կուսակցութեան նախկին փոխնախագահ, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օնուր Օյմէն, որ իր որոշ կուսակիցներուն կոչ ուղղած էր հայկական հարցին մասին  Աթաթուրքի կողմէն ձեւակերպուած դրոյթներէն չհեռանալ:

Օյմէն քեմալիզմի ազգայնական հիմքերով ստեղծուած եւ ներկայիս ձախակողմեան կողմնորոշում ունեցող ԺՀԿ-ի իր կուսակիցներուն յորդորած է վերընթերցել կուսակցութեան ծրագիրը` մէջբերելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու մասին հատուածը:

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումը կախեալ է այդ երկրի կողմէն ընդունուած ատրպէյճանական հողերէն դուրս գալու, աշխարհի հայկական կազմակերպութիւններուն միջոցով Թուրքիոյ դէմ ցեղասպանութեան պնդումներուն վրայ հիմնուած նախաձեռնութիւններէն հրաժարելու, Հայաստանի որոշ փաստաթուղթերու մէջէն Թուրքիոյ պատկանող որոշ հողերուն նկատմամբ հաւակնութիւններ ունենալու տպաւորութիւն ստեղծող ձեւակերպումներն ու խորհրդանիշները հեռացնելու պայմաններու կատարումէն»:

Օյմէն նաեւ Աթաթուրքի ճառերէն մէկ հատուած  մէջբերած է, ուր հանրապետութեան հիմնադիրը կտրականապէս կը ժխտէ հայկական կոտորածները` փոխարէնը «մինչեւ ատամները զինուած» հայերը մուսուլմաններու վրա յարձակումներու ու անմեղ ժողովուրդը կոտորած ըլլալով մեղադրելով