«Էրմէնիհապէր».- Թուրքիոյ Օրտու նահանգի Ալթընօրտու, Ունիէ եւ Ֆաթսա շրջաններուն մէջ վերջին 10 տարուան ընթացքին օսմանեան հայ եւ յոյն ճարտարապետներու հեղինակած 72 տուն  վերակառուցուած է:

19-րդ դարու այդ շինութիւններուն վերականգնման աշխատանքները սկսած են 2010-ին: Առաջին տարին վերակառուցուած է 8 տուն, յաջորդող տարիներուն այդ թիւը աւելցած է, ի վերջոյ, 2019-ին վերականգնուած է 30 տուն:

Վերակառուցուած տուներուն մեծ մասը կը գտնուի Ալթընօրտու շրջանի Թաշպաշ թաղամասի Մենեքշէ փողոցի եւ Սըթքը Ճան պողոտային մէջ, ուր հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող շինութիւնները մեծ թիւ կը կազմեն: