Երկուշաբթի, 4 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հանդիպում ունեցաւ պսակաձեւ ժահրի համավարակի նախազգուշական աշխատանքներու ծրագրաւորումը ստանձնած սուրիական կառավարական խմբակին հետ։ Կողմերը խորհրդակցեցան եւ սերտեցին պսակաձեւ ժահրի ստեղծած կացութեան վերջին զարգացումներն ու անոնց ազդեցութիւնը քաղաքացիին առօրեայ կեանքին վրայ:
Նախագահը ըսաւ.«Մեր այսօրուան հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու միջոցներու որդեգրումէն շաբաթներ ետք եւ համաշխարհային առումով ժահրին տարածումէն ամիսներ ետք: Սուրիական պետական հաստատութիւններուն եւ քաղաքացիներուն ապահովութեան նախանձախնդիր ըլլալով, անմիջապէս յարմար միջոցներու դիմեցինք, եւ այսօր կարելի է ըսել, որ շաբաթներ ետք առողջապահական իրավիճակը կայուն է, շնորհիւ կառավարութեան որդեգրած քայլերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն գիտակցութեան եւ գործակցութեան, որոնք կարեւոր դեր կատարեցին ժահրի սահմանափակման մէջ»:
Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ․ «Անցեալ շրջանին որդեգրուած նախազգուշական կարեւորագոյն միջոցը շրջագայութեան արգիլման դրութիւնն էր: Անոր նպատակը ոչ միայն քաղաքացին ժահրէն հեռու պահելն էր, այլ ժահրով վարակուած պարագաներ յայտնաբերելն էր նաեւ: Հակառակ այս դրութեան պարտադրած դժուար պայմաններուն, քաղաքացիները գիտակցութեամբ կը մօտենային հարցին, սակայն կարեւոր է յիշել, որ սոյն փուլը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ, առաջին հերթին տնտեսական իրավիճակին վրայ, յատկապէս իննամեայ պատերազմի դաժան տարիներէն ետք: Անցեալ շրջանին պարտադրուած շրջագայութեան արգիլման դրութիւնը նահանջի մղեց քաղաքացիներուն նիւթական վիճակը։ Սա կը նշանակէր, որ քաղաքացին ժահրէն նախզգուշանալու նուազագոյն պէտքերը պիտի չկարենար ապահովել, ինչպէս՝ հանանեխիչներ, դեղորայք եւ այլն…»:
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ կառավարութիւնը երկու այլընտրանք ունէր, կա՛մ խստիւ պարտադրել շրջագայութեան արգիլման դրութիւնը, նկատի առնելով մէկտեղ անոր վատ ազդեցութիւնը երկրի տնտեսութեան վրայ, եւ կամ ոչ մէկ քայլ առնել այս ուղղութեամբ եւ քաղաքացիները վտանգի ենթարկել: Կառավարութիւնը միջին լուծում գտնելով մասնակի պարէտային դրութիւն պարտադրեց, տնտեսական եւ առողջապահական իրավիճակներուն հաւասարակշռութիւնը պահելով եւ կարգ մը արհեստներուն աշխատանքը կասեցնելով:
«Հետագային, երբ յստակացաւ, թէ պսաակձեւ ժահրը ժամանակաւոր եւ անցողական հարց մը չէ, անհրաժեշտ դարձաւ այլեւս քաղաքացիներուն առօրեայ կեանքին վերադարձը, եւ քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած աննախընթաց ճնշումի աստիճանական վերացումը: Անոնք փուլ առ փուլ վերադարձան իրենց աշխատանքին, յարգելով նախազգուշացման կառավարութեան ճշդած միջոցները, որոնց հիմնականը խճողում չստեղծելն էր, որովհետեւ այլ երկիրներու հետ համեմատած Սուրիոյ մէջ վարակուողներու թիւին նուազ ըլլալը ոչ մէկ բան կը նշանակէ: Հաւանական է, որ մեծ թիւով վարակուած քաղաքացիներ կան ներկայիս, որովհետեւ քննութիւնները սահմանափակուեցան միայն կասկածելի պարագաներով, սակայն հաւանաբար ժահրով մահացածներու թիւին նուազ ըլլալը ցուցանիշ է, որ Սուրիոյ մէջ մեծ թիւով վարակուածներ չկան: Միեւնոյն ժամանակ անգամ մը եւս կ՚ուզեմ շեշտել, որ թիւերուն նուազ ըլլալը չի նշանակեր, որ Սուրիան վտանգի շրջանակէն դուրս կը համարուի եւ համաճարակը անցեալին պատկանող հարց է այլեւս, հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն թիւը կրկնապատուի եւ այդ պարագային մենք մեզ դէմ յանդիման գտնենք լուրջ աղէտի մը, որուն յաղթահարումը մեր կարողութեան սահմաններէն դուրս պիտի ըլլայ:
Ասատ եզրափակելով ըսաւ, որ պէտք է բոլորս՝ պետութիւն եւ քաղաքացիներ գործակցինք եւ գիտակցութեամբ օժտուինք այս դժուար պայմանները դիմագրաւելու եւ մեր երկիրը համաճարակէն զերծ պահելու համար, որովհետեւ համաճարակը վտանգի ենթարկած է ողջ աշխարհը: