«Արմէնփրէս».-ԵՄ հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Օլիվըր Վարհէ 5 Մայիսին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ առցանց զրոյցի ընթացքին բարձր  գնահատած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող հակաճգնաժամային գործողութիւնները եւ վստահեցուցած է, որ ՀՀ փոխվարչապետի կողմէ վեր առնուած համագործակցութեան ուղղութիւնները ՀՀ-ԵՄ օրակարգէն ներս որպէս առաջնահերթութիւն կը պահպանուին: Զրոյցին մասնակցած է նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

Շնորհաւորելով Օլիվըր Վարհէի յանձնակատար նշանակուիլը` փոխվարչապետը անոր մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք իր պատասխանատու պաշտօնին` վստահութիւն յայտնելով, որ յանձնակատարի գործունէութեան տարիներուն ՀՀ-ԵՄ սերտ գործընկերութիւնը  աւելի կը խորանայ:

Փոխվարչապետը Կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն  յայտնած է ԵՄ-ին՝ Հայաստանի համար այս բարդ ժամանակաշրջանին աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Ան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ համաճարակաբանական իրավիճակին եւ տեղաշարժի եւ տնտեսական գործունէութեան նկատմամբ գործող սահմանափակումներուն աստիճանական վերացումին: Մհեր Գրիգորեան ԵՄ յանձնակատարին ներկայացուցած է նաեւ պսակաձեւ ժահրի ընկերային-տնտեսական հետեւանքներու չէզոքացման նպատակով Կառավարութեան կողմէն մշակուած աջակցութեան 16 ծրագիրներու բովանդակութիւնը: Փոխվարչապետը յայտնած է, որ Կառավարութեան եւ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան միջեւ կը շարունակուի ամէնօրեայ աշխատանքը` ստեղծուած իրավիճակին համարժէք արձագանգելու եւ յստակեցնելու միատեղ իրականանալի գործողութիւնները:

Մհեր Գրիգորեան գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ այս բարդ իրավիճակին մէջ կարելի եղաւ ապահովել ՀՀ-ԵՄ միատեղ ծրագիրներու շարունակականութիւնը, դատաիրաւական եւ ոստիկանութեան բարեփոխումներու, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցներու զարգացման ուղղութիւններով: