«Արմէնփրէս».- ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 Մայիսին «Աշխարհը համավարակէն յետոյ» առցանց զրոյցի ընթացքին  յայտնած է, որ Հայաստան պէտք է մեծ ջանք ներդնէ էլեկտրոնային կառավարման ոլորտը զարգացնելու համար:

«Ան երկիրները, որոնք յաջողութեամբ կրցած են խթանել, կիրառել եւ ներմուծել ելեկտրոնային կառավարման գործիքներ, պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի ընթացքին շատ աւելի տոկունդուր եկան: Օրինակ` Սինկափուրը, կառավարական աշխատանքային խումբին մէջ մօտաւորապէս 20 հազար մարդ  տունէն կ’աշխատէր: Այսինքն, երբ պսակաձեւ ժահրը տարածուեցաւ, մարդիկ արդէն պատրաստ էին ապագայ վտանգները դիմակայելու եւ անոնց համար որեւէ արտասովոր բան չկար տունէն աշխատելու համար: Ելեկտրոնային կառավարման ոլորտը չափազանց կարեւոր է ապագայի նկատմամբ, եւ Հայաստանի նման երկիրը, կը կարծեմ, պէտք է ջանքեր գործադրէ այդ ոլորտէն ներս», ընդգծեց Սարգսեան:

ՀՀ նախագահը յայտնեց, որ երկիրը չի կրնար ելեկտրոնային կառավարում ունենալ առանց ելեկտրոնային ձեւաչափի ստեղծման, տեղեկատուական ճարտարագիտութեան ձեւաւորման եւ հմտութիւններու:

«Ելեկտրոնային կառավարումը խթանելով` կը խթանենք նաեւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու զարգացումը, իսկ  առաւելագոյն զարգացման մակարդակը արհեստական բանականութիւնն  է:  Համաճարակէն ետք պիտի վերադառնամ իմ  նախագահական նախաձեռնութեան, որ միտուած է ATOM ծրագիրի զարգացման, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ հրաւիրուած եմ Հայաստան, յատկապէս` արհեստական բանականութիւնը զարգացնելու ծրագիրներուն համար:  Սա հիմնական աշխատանք է, որ պիտի կիրարկուի այլազան ոլորտներու մէջ», եզրափակեց Սարգսեան:

Կարէն Խաչատրեան