«Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ», այս գեղեցիկ տողով կը դիմաւորուիս խրոխտ ու ազատ Արցախի մէջ։ Ազատութիւն մը, որ թանկ գինով նուաճուեցաւ, եւ աւելի թանկ եղաւ ու պիտի ըլլայ զայն պահելը։
Կրկին ամպոտած էր երկինքը հայոց աշխարհին, անգամ մը եւս մահուան սուր ճանկերը ուղղուած էին Արցախի սրտին։ Թշնամին կը կարծէր, թէ պատենազուրկ էր մեր հայրենիքը, ուստի կը նկրտէր ներխուժել արցախեան տարածք, սակայն ան ծանօթ չէր հայուն պայքարի թունդ ոգիին, ազատութեան սիրոյն անոր սխրալից պոռթկումին, վրիժառու բազուկին, տակաւին հայուն ազգային շահերուն համար պայքարի դաշտ իջած կազմակերպութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Հայրենիքը անգամ մը եւս կը կանչէր իր որդիները՝ տէր կանգնելու իր սուրբ հողին, սուրբ Արցախին։ Հայ մարտունակ երիտասարդը անգամ մը եւս չտատամսեցաւ ընդառաջելու հողին կանչին, հայրենիքի ազատագրումը նպատակ ունենալով սլացաւ դէպի կռուի դաշտ, իրարու խառնելով կեանքն ու մահը եւ իր արեամբ յագեցուց կանաչ դաշտերը արցախեան։ Հարիւրաւոր երիտասարդներ լքելով իրենց հանգիստ ու խաղաղ կեանքը՝ անտարբեր չկեցան եւ ուղղուեցան դէպի հայութեան սիրտը, դէպի Արցախեան հոգին՝ Շուշի։ Մեզմէ ոչ ոք ռազմագէտ ըլլալու է, իմանալու համար բարձր դիրք գրաւող հողատարածքներու կարեւորութիւնը պատերազմի ընթացքին։
Շուշիի ազատագրումը Արցախի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունէր։ Բաւական է յիշել, որ Շուշին առանցքային ազերիական բեմ էր, ուրկէ թշնամին կը հրետակոծէր Արցախի բնակավայրերը, մասնաւորապէս՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։ Շուշին նաեւ կապ կը հանդիսանար։ Եթէ բերդաքաղաքը ազերիներուն վերահսկողութեան տակ մնար, Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին, որ այդ օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախը կապող միակ ցամաքային ճամբան էր, մշտական հրաձգութեան ենթակայ պիտի մնար։ Շուշիի ազատագրումը ռազմական, ռազմավարական, տնտեսական ու քաղաքական հարցերու լուծում հանդիսացաւ։
28 տարի առաջ Արցախի ազատամարտիկները սկսան սխրալից իրենց յաղթարշաւը ու մեր ազգային հպարտութեան ներշնչման աղբիւրը դարձան 8-9 Մայիսին՝ ազատագրելով պատմական մեր հայրենիքի մէկ բեկորը՝ Շուշին։
Փա՛ռք ու պատիւ ձեզ, հա՛յ նահատակներ։ Դուք ամէնէն գեղեցիկ երգերը գրեցիք ձեր հրացաններով, ամէնէն քաղցրահունչ երաժշտութիւնը նուագեցիք ձեր ատրճանակներով, իսկ ամէնէն հրաշալի պատկերը գծեցիք, երբ եռագոյնը բարձրացուցիք Շուշիի երկինքն ի վեր։
«Յիշէ զանոնք, որ գերեզմանին մէջ ննջելով սուրն իրենց գլխուն ներքեւը դրին։ Քաջաց բարձն է սուրը», Գարեգին Նժդեհ։
Իսկական պայքարը բան մը ձեռք ձգելը չէ միայն, այդ ձեռքբերումը պահելն է նաեւ։ Արցախի ազատութեան պահպանումը նոյնքան ճիգ եւ զոհողութիւն կը պահանջէ, որքան 28 տարի առաջ կը պահանջէր անոր ազատագրումը։ Արցախը կարմիր գիծ է եւ վե՛րջ։
Այս տարի բախտը ունեցայ այցելելու Արցախ, Ստեփանակերտ եւ հրաշալի Շուշի, մասնակցելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 130-ամեակի տօնակատարութեան։ Ոգեւորիչ տօնակատարութիւն մը, որ տարբեր նշանակութիւն եւ պատգամ ունեցաւ ինծի համար, որովհետեւ այդ օրհնեալ հողին վրայ տօնեցինք։ Այն հողին, ուր մեր հսկաները ինկան հայրենիքը ոտքի պահելու համար։ Յուզումնախառն ապրումներով պատմութիւն մը ամբողջ դէմս տեսայ, հպարտութեամբ լեցուեցաւ սիրտս ու հոգիս։ Հայաստանի եւ Արցախի ծածանող դրօշներուն կողքին կը ծածանէր ՀՅԴ-ի արիւնոտ դրօշը։
«Ուր որ դաշնակցութիւն կայ, չկայ տկարութիւն», կը լսեմ յաճախ։
Արցախը պիտի մնայ Դաշնակցութեան գլխաւոր օրակարգը, Դաշնակցութիւնը կանգնած է ու պիտի կանգնի անոր կողքին, ոչ թէ իշխանութեան մէջ «աթոռ»ի մը ծառայելու սիրոյն, այլ իր հայրենիքը պաշտպանելու յանձնառութեամբ։
Ահագին աշխատանք կայ իրագործելիք այս առումով։ Երկար ճառեր արտասանելը շատախօսներուն թողունք ու կեդրոնանանք մեր սուրբ գործին վրայ, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Արցախի անզիջում կեցուածքը նսեմացնելու մեծ ճիգ կայ քարոզչական բաց համակարգին՝ համացանցին վրայ, որ վտանգաւոր է նոյնքան, որքան իսկական ճակատի վրայ պարտութեան հետ համակերպիլը։
Ազատութիւնդ շնորհաւոր, անպա՛րտ Շուշի։
Սագօ Խալոյեան