Իսթանպուլի մջ հրատարակուող «Ակօս» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի վերջին հրապարակային արտայայտութեան:
Էրտողան, խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին, յայտնած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրէ աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց թոյլ պիտի չտան որեւէ գործողութիւն իրականացնել:
«Ակօս» թերթը, ի պատասխան Էրտողանի այս յայտարարութեան, յօդուած հրապարակած է:
«Աւելի քան 100 տարի անցած է, սակայն այդ սուրը ոչ մէկ ձեւով վար դրուած է: Արդէն պէտք է առերեսուինք այդ մտածելակերպին հետ․․․
Թէ որո՞ւ կ’ակնարկեն, ո՞ր խումբին համար կ’ըսեն, արտօնելի չէ նման եզրոյթը, որովհետեւ ան կ’ենթադրէ սարսափ եւ բռնութիւն, գրած է թերթը:
Թերթը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ «սուրէ աւելցուկ» արտայայտութիւնը երկար տարիներ կը շարունակեն օգտագործել, այդ արտայայտութեամբ նկատի ունին 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերը:
«Թուրքիոյ պետական եւ քաղաքական աւանդոյթը, որ կը պնդէ, թէ «ցեղասպանութիւն չէ եղած», ծանօթ է, որ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւնը նկարագրող այդ եզրոյթը կ’օգտագործէ, պարզապէս սպառնալու այն հայերուն, որոնք նախընտրած են մնալ այս երկրին մէջ (Թուրքիա-խմբ․), վերյիշեցնելու այդ երկրէն ներս իրենց դիրքը, միւս կողմէ ալ ահաբեկելու միւս խումբերը, որոնք եւս ենթարկուած են կաշ կ՚ենթարկուին նման բռնութեան», ըսուած է յօդուածին մէջ:
Նշուած է, որ տուեալ եզրոյթը վերջին տասնամեակներուն յաճախ օգտագործուած է այն շրջանակներուն համար, որոնք Թուրքիոյ թշնամին կը համարուին:
«Ակօս» քննադատած է էրտողանի յայտարարութիւնը, յայտնելով, որ ինչպէս իրենք, այնպէս ալ տարբեր զգայուն խումբեր կը փորձեն բացատրել, թէ այս եզրոյթը ինչպիսի՞ բռնութիւն եւ կոտորածի քաղաքականութիւն կը պարունակէ: