Այնքան դժուա՞ր բաներ են հայկական-քաղաքական մեր մշակոյթին մէջ քաղաքակիրթ զրոյցն ու բանավէճը: Հաշիւ մաքրելու բիրտ ձեւերո՞վ խօսք պիտի հասկցնենք իրարու:
8 Մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ծեծուըռտուքը անգամ մը եւս հարցականներ կը ստեղծէ արտասանուած լոզունքներուն, ժողովրդավարութեան, թաւշեայ տրամաբանութեան հասկացութիւններուն գործնականացման ճամբուն վրայ:
Ինչո՞ւ այսքան ատելութեամբ կը գոռանք մէկս միւսին երեսին: Միթէ՞ քաղաքական դաշտի կաշկանդումներուն արդիւնքով չէ տեղի ունեցածը: Յաղթողի ու պարտուուղի տրամաբանութեամբ բնակչութեան տարբեր շերտերուն մէջ լարուածութիւններ սրելու արդիւնքով: Ե՞րբ մեր հայրենիքը պիտի ունենայ քաղաքական անկաշկանդ դաշտ, ուր այլ տեսակէտ ունեցողները անարգելու փորձերը մէկընդմիշտ պիտի վերանան, ուր խօսքի ազատութիւնը չարաշահումներու պիտի չենթարկուի եւ տրամաբանական երկխօսութեամբ, առողջ մրցակցութեամբ գործելու միջավայր պիտի ստեղծուի վերջապէս:
Մեծ նպատակներուն փոքր ու պարզ քայլերով կարելի է հասնիլ միայն: Առաջինը զիրար լսելու պարզ ու փոքր քայլն է, առանց որուն մնացեալ նպատակները թուղթի վրայ արձանագրուած խօսքերու կամ քարոզներու սահմանները պիտի չանցնին դժբախտաբար:
«Վիզդ կը կտրեմ», «Իմ վիզը կտրողը դեռ չէ ծնած»: Չզարմանաք, այս խօսքերը մեր պատգամաւորներուն բեռնով հնչած խօսքեր են, զարմացնող, զայրացնող խօսքեր:
Հաշիւ մաքրելու ամենանախնական, ամենատգեղ ձեւերով Ազգային Ժողովի պատգամաւորները պահ մը մոռցա՞ծ էին, թէ իրենք ժողովուրդը կը ներկայացնեն, այն ժողովուրդը որ վստահած է իրենց ու քուէարկած երկիրը քայլ մը առաջ տանելու յոյսով:
Ուրեմն ո՛չ ընտրութիւնը, ոչ ալ հրապարակներէն հնչած խանդավառող սին խօսքերը փրկութեան պիտի առաջնորդեն մեզ: Ժողովուրդը կ’ուզէ տեսնել յառաջընթաց, իսկ յառաջընթացը կը պահանջէ իմաստուն պատգամաւորներ, կառավարողներ, որոնք կիրքով չեն առաջնորդուիր, հեռու չեն մեր քաղաքակրթութեան սահմաններէն ու այդ քաղաքակրթութեան յարիր քաղաքականութիւն վարել, աշխատիլ ու համոզել գիտեն, մեր ժողովուրդին ազգային արժէքները պահպանել ու անոնցմով իմաստացած երկիրը քայլ մը առաջ ուղղել գիտեն:
Զգաստանալու պահը չէ՞ հասած միթէ: Ժողովուրդին վստահութիւնը Ազգային ժողովին հեղինակութիւնը վարկազրկելով ձեռք չի բերուիր: Այստեղ կարեւոր չէ թէ ո՞վ էր ծեծողը, ով՝ պաշտպանուողը, կարեւորը այդ շիկացած մթնոլորտին տուն տուող պատճառներն են, զորս կը յուսանք յաղթահարուած տեսնել մեր հայրենիքին մէջ, այն հայրենիքին, որուն ուղղուած են մեր բոլորին յուսալից հայեացքները:
Քաղաքական միջավայրին մէջ ստեղծուած լարուածութիւններու, անվստահութեան մթնոլորտի վերացման կը սպասենք արդարօրէն:
Փշակն