«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ ուղղած է ամերիկահայերուն դիմելու իրենց շրջանի ծերակուտականներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն, որպէսզի անոնք դէմ դնեն յատկապէս Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը կրճատելու կառավարութեան փորձին։

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ #SaveArtsakhAid արշաւին միանալու այս դիմումին իւրայատուկ կերպով իր մասնակցութիւնը բերած է 15-ամեայ Լոռի Թալերօ Գազանճեան, որ 90 երկվայրկեաննոց տեսանիւթով մը կը բացատրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2021-ի ամավարկին մէջ Արցախին առնուազն 1,5 միլիոն տոլար տրամադրելը կենսական է շրջանի բնակչութեան ապահովութեան համար։

Լոռին անդամ է Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀԵԴ-ի Կրտսերներու «Սարդարապատ» Մասնաճիւղին։

Տեսանիւթը դիտելու համար այցելել anca.org/JoinLori կայքէջը, իսկ Արցախի եւ Հայաստանի համար ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու Հայ Դատի ջանքերուն կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով anca.org/aid կայքէջը։

Նշենք, որ Արցախի եւ Հայաստանի համար ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու Հայ Դատի առաջարկներուն կը զօրակցին առաւել քան 30 ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներ։