Երեքշաբթի, 19 Մայիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մասնակցութեամբ Ժընեւի մէջ ընթացք առաւ Համաշխարհային Առողջապահութեան Միութեան 73-րդ համաժողովը։
Առցանց դրութեամբ տեղի ունեցած երկօրեայ համաժողովին, Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Նիզար Եազճի յայտնեց, որ Սուրիոյ առողջապահութեան հատուածը իր կարելիութեան սահմաններէն ներս կը դիմագրաւէ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը նկատի առնելով 9 ամեայ պատերազմին ստեղծած դժուարին պայմանները եւ Սուրիոյ վրայ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները, որոնք կը խոչընդոտեն առողջապահական ծառայութիւններուն աշխատանքը։
Նախարարը ըսաւ. «Մինչ առողջապահական եւ տնտեսական կարող համակարգեր ունեցող պետութիւններ դժուարութեամբ կը դիմագրաւէն համաճարակը ԱՄՆ եւ արեւմտեան կարգ մը պետութիւններ կը շարունակեն Սուրիոյ տնտեսական պատժամիջոցներ պարտադրել, ինչ որ կը խոչընդոտէ պսակաձեւ ժահրի դիմագրաւման անհրաժեշտ սարքերու եւ դեղորայքի ապահովումը եւ նոյնիսկ վարակուած պարագաներու շուտափոյթ բուժումը»։
Եազճի վերստին կոչ ուղղեց Սուրիոյ վրայ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները վերացնելու՝ Սուրիան հեռու պահելու համար պսակաձեւ ժահրի համավարակի վտանգէն։
Յիշենք, որ Համաշխարհային Առողջապահութեան Միութիւնը Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան բարձրագոյն համակարգն է։ Ան տարուան ընթացքին կը գումարէ համաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 194 անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ միջազգային խորհուրդներ։