«Արմէնփրէս».- ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան 18 Մայիսին մասնակցած է Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ տարածաշրջանային խումբի առցանց հանդիպումին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են պսակաձեւ ժահրով պայմանաւորուած տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղուած կառավարութիւններու եւ առեւտրային ռազմավարութիւնները, համաշխարհային եւ տարածաշրջանային արժեշղթաներով առկայ մարտահրաւէրները եւ կարելի լուծումները:
Իր խօսքին մէջ փոխվարչապետը յայտնած է, որ բոլոր երկիրները կը դիմագրաւեն հանրային առողջութեան ճգնաժամի եւ պսակձեւ ժահրի տակաւին երկար ժամանակ խնդիր պիտի ըլլայ: Ներկայացնելով ճգնաժամը յաղթահարելու Հայաստանի ռազմավարութիւնը` յայտնած է, որ մտցուած սահմանափակումներու դրութիւնը կարելիութիւն տոած է ժամանակ շահելու եւ տիրապետել իրավիճակին, մեծցնել առողջապահական համակարգի կարողութիւնները: Յաջորդիւ, կառավարութիւնը անհրաժեշտ նախապատրաստութիւններէն ետք մեղմացուցած է սահմանափակումները` միաժամանակ սահմանելով նոր իրավիճակով տնտեսութեան ու հասարակութեան վարքագիծի ու գործունէութեան պարտադիր կանոններ եւ ուղենիշներ:
Տիգրան Աւինեան ըսած է, որ ճգնաժամային այս շրջանը նաեւ խթան է կարեւոր բարեփոխումներ իրականացնելու համար, յատկապէս թուայնացման ոլորտին մէջ: Ան անդրադարձած է թուային տնտեսութեան, թուային կառավարման ու թուային հասարակութեան հետագայ զարգացման կարելիութիւններուն եւ համառօտակի պատմել մեր երկրի փորձի մասին: