Սուրիոյ ժողովուրդը տասը տարիէ ի վեր անկայուն կացութեան մէջ կ’ապրի շարունակուող պատերազմին հետեւանքով: Պատերազմ մը, որ երկրին տնտեսութիւնը քայքայեց, ժողովուրդը տարտղնեց, անմեղ զոհեր խլեց, բնականոն կեանքը կասեցուց, անապահութիւն ստեղծեց եւ բազմակողմանի դժուարութիւններու մատնեց զայն: Այս իրավիճակին եկան աւելնալու պսակաձեւ ժահրին համաճարակն ու անոր բերումով յառաջացած առողջապահական վտանգն ու տնտեսական աննախադէպ դժուարութիւնները: Դժուարութիւններ, զորս Սուրիոյ ժողովուրդը պատերազմի ամենադաժան տարիներուն իսկ չէր ճաշակած:
Թէեւ Սուրիոյ կառավարութիւնը ամէն ջանք կը գործադրէ, իր կարելիութիւնները ճիշդ ձեւով կը գնահատէ ժողովուրդը լուսաբանելու, համաճարակի տարածումը կանխելու եւ անոր վնասները նուազագոյնի իջեցնելու համար, սակայն այս բոլորը ժողովուրդը զերծ չեն կացուցաներ արեւմուտքին կողմէ երկրին դէմ սահմանուած անմարդկային պատժամիջոցներուն վտանգներէն: Կացութիւնը լուրջ է եւ աղէտալի վիճակներու կրնայ հասնիլ եթէ տնտեսական պատժամիջոցները չեղեալ չհամարուին եւ պատերազմի ծանր բեռին տակ կքած ժողովուրդին առողջապահական ու տնտեսական ապահովութեան նուազագոյն մակարդակը չպահպանուի:
Երկրին ու անոր ժողովուրդին նախազգուշական քայլերը թէեւ մասամբ նպաստեցին համաճարակի տարածման կանխումին, սակայն Սուրիոյ ժողովուրդը դէմ յանդիման կը կանգնի ահաւոր վտանգի մը: Այդ վտանգին առաջքը առնելու համար անհրաժեշտ է նախ չեղեալ համարել արեւմուտքին պարտադրած տնտեսական այն պատժամիջոցները, որոնք անհրաժեշտ տնտեսական եւ առողջապահական կարիքներու ապահովումն իսկ կը դժուարացնեն: Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դիմագրաւման համար երկիրը կարիքը ունի տնտեսական ուժի՝ ապահովելու մեկուսացման կեդրոններ, բժշկական սարքեր եւ դեղորայք, սակայն երկիրն ու այս պատժամիջոցներուն բերումով մեծապէս տուժող ժողովուրդը անել կացութեան մէջ յայտնուած են: Ժողովուրդը օրապահիկը վաստկելու մտահոգութեամբ կ’ապրի այլեւս, իսկ Սուրիոյ կառավարութիւնը տնտեսութիւնը համընդհանուր փլուզման վտանգէն զերծ պահելու համար կը մաքառի:
Այսպիսի պայմաններու մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան այն նախազգուշացումները, թէ Սուրիան պատերազմի տասը տարիներու իր կրած վնասներուն բերումով համաճարակի սրընթաց տարածման պարարտ հող կը հանդիսանայ, անհրաժեշտ է վերակարգաւորել միջազգային քաղաքական քարտերը եւ մարդկայնութիւնը վեր դասել քաղաքական, տնտեսական այլ նկատառումներէ: Սա միջազգային ընտանիքէն եւ Սուրիոյ բարեկամ երկիրներէն կը պահանջէ տնտեսական պատժամիջոցներու չեղարկման համար անհրաժեշտ ճիգերու գործադրումը ու համաճարակի տարածման կանխումին նպաստող մարդկային վարքագիծի դրսեւորումը, մինչեւ որ գիտնականներ յաջողին գտնել այս ժահրին տարածումը կասեցնող համապատասխան պատուաստը:
Սուրիահայութիւնը եւս, որպէս երկրի բնակչութեան գործունեայ մէկ հատուածը, կարիքը ունի ոչ միայն նիւթական օժանդակութեան, այլեւ քաղաքական բեմերու վրայ Սուրիոյ ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնող գործիչներու, դիւանագէտներու ներդրումին:
Մարդկային աղէտը կանխելու համար ձեռք երկարենք Սուրիոյ ժողովուրդին, սուրիահայութեան, որոնք այսպիսի պայմաններու մէջ իսկ կը շարունակեն գործել ու արարել:
«Գ.»