Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ղեկավար Արամ Համբարեան The Washington Times-ին կատարած յայտարարութեան մէջ յայտնած է, որ Հայկական կողմը լիովին կ’աջակցի Ռոյս-էնկելի խաղաղութեան նախաձեռնութեան (ԱՄՆ Քոնկրէսի երկկուսակցական նախաձեռնութիւն) ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի շփման գիծին վրայ հրադադարի պահպանման ձեւաչափին եւ միջազգային դիտորդներուն մասին:
«Ատրպէյճանը եւ միայն Ատրպէյճանն է արգիլողը կիրարկելի այդ միջոցները, որոնք կը միտին թափանցիկութիւն ապահովել, որովհետեւ հրադադարի վարչակարգի խախտման պատասխանատուութենէն կը վախնայ: Սա պարզ տրամաբանութիւն է: Միայն յարձակող կողմը դէմ պիտի ըլլայ հրադադարի կիրարկման», ըսած է Համբարեան:
Ըստ անոր` Ռոյս-էնկելի խաղաղութեան նախաձեռնութենէն Ատրպէյճանին հրաժարիլը անպատասխանատուութեան գագաթնակէտն է, որ համաշխարհային համաճարակի պայմաններուն մէջ տարածաշրջանային պատերազմի վտանգը կ’աւելցնէ: