Այսօր, Սուրիոյ կառավարութիւնը որոշեց բաց յայտարարել նաեւ պսակաձեւ ժահրի համավարակին հետեւանքով Մարտ ամիսէն ի վեր փակուած Սուրիոյ զբօսաշրջական կեդրոնները՝ ներառեալ հանրային վայրերն ու տարաբնոյթ ճաշարանները, պայմանաւ որ անոնց բանեցման ընթացքին յարգուին Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան սահմանած նախազգուշական բոլոր պայմանները՝ զանց առնուի կլկլակներու օգտագործումը, յարգուի մարդոց միջեւ հեռաւորութեան պահպանումը եւ այլն, իսկ 30 օր վերջ վերստին քննարկուին աշխատանքի առաջին այս փուլին ընթացքն ու արդիւնքը։

Կառավարութիւնը միեւնոյն ատեն նախապատրաստեց բոլոր նախարարութիւններու յատուկ կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն աշխատանքին վերադադրեցման ծրագիրն ու շրջագայութեան լրիւ արգիլումը, եթէ, հակառակ պարագային, կացութիւնը վատանայ եւ կառավարութիւնը ստիպուած ըլլայ վերադառնալու նախազգուշական խիստ քայլերու։

Աւելցնենք, որ կառավարութեան որոշումով, Երկուշաբթի, 1 Յունիսէն սկսեալ ընդհանուր հատուածի պաշտօնէութիւնը պիտի վերսկսի աշխատանքի իր սովորական ժամերուն՝ առաւօտեան ժամը 8:00-էն յետմիջօրէի ժամը 3:30։