«Արմէնփրէս».- Թիֆլիսի մէջ 31 Մայիսին  Սայաթ-նովային նուիրուած աւանդական «Վարդատօն»ը իրականացած է: Այս մասին ,արմենպրեսե-ին տեղեկացրին:

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմէն տեղեկացուցին.«Վիրահայոց թեմի նախաձեռնութեամբ թիֆլիսահայերը դարձեալ առիթ ունեցան աւանդաբար Մայիս ամսուան վերջին Կիրակի օրը կարմիր վարդեր զետեղելու հայ մեծանուն աշուղ եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան երգիչ Սայաթ-նովայի շիրիմին:

31 Մայիս 2020-ին, Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգեշնորհ Տէր Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի հանդիսապետութեամբ, Հոգեգալստեան տօնական Սուրբ Պատարագ մատուցեց հոգեւոր ծառայող արժանապատիւ Տէր Վիրապ քահանայ Ղազարեանը: Սրբազան արարողութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Վրաստանի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սատոյեան «Եւրաստան» թերթի խմբագիր Վան Պայպուրթեան, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, թիֆլիսահայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ, բազում հաւատացեալներ:

Հաւարտ Սրբազան արարողութեան, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակին մէջ հանգչող Սայաթ-նովայի գերեզման, ուր, Առաջնորդական տեղապահի նախագահութեամբ եւ հոգեւոր դասու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որմէ ետք Սայաթ-Նովայի արուեստի անմահութեան, անզուգական Երգչի  յիշատակի մասին խօսք արտասանեց Տէր Կիրակոս վարդապետ Դաւթեան:

Այնուհետեւ ներկաները վարդ ու ծաղիկներով, սէր ու ժպիտով զարդարեցին անմահ Սայաթ-նովայի շիրիմը: Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահը եւ Վրաստանի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը համայնքային գործիչներուն ուղեկցոութեամբ ծաղիկներ զետեղուեցան նաեւ Մեյտան թաղամասի մէջ զետեղուած Սայաթ-Նովայի խորհրդանշական յուշարձանին առջեւ:

Մինչեւ ուշ ժամանակ Սուրբ Գէւորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ Սայաթ-Նովայի անմահ երգն ու երաժշտութիւնը կը հնչէր, դառնալով «Վարդատօնի» ձեւափոխուած, սակայն անխափան տօնակատարութիւն եւ Սայաթ-Նովա երգիչին հանդէպ սիրոյ եւ անոր երգարուեստի անմահութեան դրսեւորում», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: