1 Յունիսէն համացանցի վրայ է ՀՅԴ Բիւրոյի «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի 6-րդ թիւը:
Այս թիւին մէջ հարցազրոյցներու հիւրն է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեան: Ուշագրաւ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարուի մասնաւորապէս Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ համաշխարհային համավարակի պատճառով ընկերային եւ այլ հարցերու դէմ յայտնուած հայրենակիցներուն ՀՅԴ-ի, ուղեկից եւ քոյր կառոյցներու միասնական ջանքերով ցուցաբերուող օգնութիւններուն նիւթին: Պատասխանելով Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու առկայ վիճակի մասին հարցումին, Վիգէն Եագուպեան կ՛ըսէ. «Անկախութենէն ի վեր Սփիւռքի վերաբերեալ ՀՀ իրարայաջորդ իշխանութիւններու որդեգրած հայեցակարգը ցոյց կու տայ Սփիւռքին նկատմամբ լուրջ անտեղեակութիւն մը»:

Հարցազրոյցին մէջ կը ներկայացուի այն իրականութիւնը, որ ձեւաւորուած է Սփիւռքի հանդէպ կաղապարուած պատկերացումներու եւ այդ մտայնութիւններէն բխող փոխյարաբերութիւններու որակի պատճառով:
Ինչպէս կը յուշէ թիւին առաջնորդող յօդուածը, «Դրօշակ»ի հերթական հրապարակման առանցքին վրայ կը ներկայանայ բնապահպանութեան նիւթը: Այս թեմայով գրուած Սիւզան Խարտալեանի յօդուածը կը կոչուի. «Բնապահպանական ուրոյն փիլիսոփայութեան համար» եւ կ՛անդրադառնայ մարդու բնութեան ու կենդանական աշխարհի փոխյարաբերութիւններուն, մարդու իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն բնութեան, մեզ շրջապատող աշխարհին նկատմամբ, թէ՛ իրաւական, եւ թէ բարոյական առումներով․ «Կենդանիներու, բնութեան եւ բնավայրերու բարոյական եւ իրաւական կարգավիճակի չափն ու բնոյթը մարտահրաւէր է, որ պէտք է ընդունիլ», կը գրէ հեղինակը:
Նոյն նիւթով յաջորդ յօդուածին հեղինակը ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ բնական աղբիւրներու յանձնախումբի նախագահ Արեգ Ղարաբէկեանն է: «Հայաստանի բնապահպանական որոշ խնդիրներու մասին» յօդուածին մէջ Արեգ Ղարաբեկեան կ՛անդրադառնայ Հայաստանի շարք մը բնապահպանական հիմնահարցերուն եւ կը ներկայացնէ այս հարցով հնչած գնահատականներն ու առաջարկները:

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ եկամուտներու եւ տնտեսութեան յանձնախմբի նախագահ Արմէն Գրիգորեան, խօսելով Հայաստանի գիւղատնտեսութեան վիճակին մասին, իր կարգին կը ներկայացնէ այս ոլորտին առնչուող կատարուած ախտորոշումներն ու հիմնախնդիրներու յաղթահարման ուղղուած առաջարկները:
Պաշտօնաթերթին յունիսեան թիւին մէջ անդրադարձներ կան նաեւ 102 տարի առաջուան այս պատմական օրերու իրադարձութիւններուն, Հայաստանի անկախացման տրամաթիկ ընթացքին, 4 Յունիսին կնքուած Պաթումի հաշտութեան պայմանագրին նախորդող ու յաջորդող գործընթացներուն: Ընթերցողը այս թիւով կը գտնէ նաեւ հետաքրքրական այլ յօդուածներ:

«Դրօշակ»ի այս թիւը համացանցին վրայ կարնաք ընթարցել droshak.am հասցէին ներքեւ: