«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 1 Յունիսին ընդունած է ԱՀ Անվտանգութեան խորհուրդի նորանշանակ քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանը:

Նախագահ Յարութիւնեան յայտնած է, որ երկու գործուն աշխատանք կ’ակնկալէ` ընդգծելով, որ Անվտանգութեան Խորհուրդի նորանշանակ քարտուղարը մէկամսեայ ժամկէտով առաջարկութիւններ պէտք է ներկայացնէ ԱՀ անվտանգութեան խորհուրդի նոր կանոնադրութեան եւ նոր կառուցուածքի մասին:

«Անվտանգութեան Խորհուրդը պէտք է դառնայ պետական կառավարման  օղակներէն մէկը, ուր պիտի քննարկուին մեր բնակչութեան մտահոգող հիմնահարցերը: Միատեղ աշխատանքով պէտք է փորձենք կեանքի կոչել, որ է երկու քաղաքական ուժերուն միջեւ ստորագրուած յուշագիրը», ըսած է Ա. Յարութիւնեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան համար` Սամուէլ Պապայեան դիտել տուած է, որ յուշագիրի բոլոր կէտերուն իրականացման ուղղութեամբ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ:Անոր խօսքով` հիմնական ուշադրութիւնը սեւեռուած պիտի ըլլայ ինչպէս անվտանգութեան եւ քաղպաշտպանութեան, նաեւ ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման վրայ:

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ