«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի (այսուհետեւ՝ ԱԺ) նախագահ Արթուր Թովմասեան 1 Յունիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին հետ:

Ողջունելով ԱՀ ԱԺ նորընտիր նախագահ Արարատ Միրզոյեան յայտնած է, որ Արթուր Թովմասեանի գործունէութիւնը արդէն նոր կարգավիճակով աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, եւ այդ առումով` երկու հայկական հանրապետութիւններուն խորհրդարաններու աշխատանքը մեծապէս պիտի շահի:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծած է, որ ե՛ւ օրինաստեղծ դաշտէն ներս, ե՛ւ քաղաքական քննարկումներու հարթակին վրայ երկու պետութիւնները ունին հաստատուած աւանդոյթներ, որոնք անհրաժեշտ է  աւելի հարստացնել: Ան անդրադարձած է ՀՀ Ազգային ժողովի եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին միջեւ գործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի աշխատանքներուն կարեւորութեան, մշտական յանձնաժողովներու փոխգործակցութեան:

ԱՀ ԱԺ նախագահը յայտնած է, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններուն միջոցով յեղափոխութիւն  տեղի ունեցած է խորհրդարանի մէջ` վստահեցնելով, որ նորընտիր Ազգային ժողովը շահագրգռուած է Հայաստանի օրէնսդիր մարմնի հետ գործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու:

«Արցախը  անվտանգ պիտի ըլլայ, եթէ մենք ունենանք կայուն Հայաստան եւ հզօր Սփիւռք», փաստած է Արթուր Թովմասեան: Անոր համոզումով` եթէ օրակարգային երեք հարցերուն մէջ` Արցախի հիմնախնդիր, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ անվտանգութիւն, համայն հայութեան աջակցութիւնը ըլլայ, ապա անպայմանօրէն յաջողութիւն կ’արձանագրուի:

Արարատ Միրզոյեան իր կարգին բարձր  գնահատած է միջխորհրդարանական գործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ համաձայնութիւն յայտնած է, որ բոլոր հարցերը միատեղ ուժերով կարելի է յաղթահարել: «Հայաստանը եւ Արցախը նոյն հայրենիքի մասերն են, եւ մենք պէտք է միասնական օրակարգով դէպի առաջ երթանք», փաստած է ՀՀ ԱԺ նախագահը:

Կողմերը անդրադարձած են ԱՀ ԱԺ աշխատակազմի հմտութիւններուն հետագայ կատարելագործման հարցին եւ  կարեւոր համարած են երկու խորհրդարաններու աշխատակազմերու ղեկավարներու մակարդակին վրայ սերտ շփումներու հաստատման, աշխատակազմերու միջեւ փորձի փոխանակման կարեւորութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողով