«Ասպարէզ».- Քոլորատոյի Հայեր կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք, ոստիկանութեան բռնարարքները դատապարտող ցուցարարներ սրբապղծեցին նաեւ Քոլորատոյի նահանգային իշխանութիւններուն կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հաստատուած խաչքար-յուշարձանը՝ յիշեցնելով, որ այդ յուշարձանը զետեղուած է այլ անարդարութեան մը զոհ գացած հաւաքականութեան մը յիշատակին։

Քոլորատոյի Հայեր կազմակերպութիւնը նաեւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու տարածքին սեւամորթներուն դէմ գործադրուած ոստիկանութեան յաճախակի բռնարարքները։