Հանրապետութեան նախագահին մանուկներուն համար նախատեսուած կայքը գործարկուած է: Կայքին ընդմէջէն մանուկները կրնան հայերէնով եւ անգլերէնով, հետագային` նաեւ ռուսերէնով հանրամատչելի ուսուցողական տեղեկատուութեան, տեսանիւթերու միջոցով համառօտօրէն ծանօթանալ ոչ միայն Հանրապետութեան նախագահի գործառոյթներուն, նախագահի երդման բնաբանին, այլեւ տեղեկանալ, թէ ով կրնայ նախագահ ըլլալ, ինչպէս  կ’ընտրուի Հանրապետութեան նախագահը…

Կայքի այցելուներուն հասանելի է նաեւ հակիրճ տեղեկատուութիւն մեր հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ սահմանադրութեան մասին:

Կայքը կարելիութիւն կ’ընձեռնէ  նախագահի նստավայրէն ներս եռաչափ ձեւաչափով շրջայց կատարելու վարչական շէնքին, ինչպէս նաեւ առցանց մասնակցելու Պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր հերթափոխութեան, զբօսնելու նախագահական նստավայրի վարչական շէնքին յարակից տարածքին մէջ, որ որոշակի ժամերու այցելուներուն համար բաց է:

«Մանուկներու անկիւն հատուած»ին միջոցով  առցանց հարթակի վրայ  այցելուները կարելիութիւն ունին ուսուցողական խաղեր խաղալ եւ ստուգիչ հարցերու միջոցով ստացած գիտելիքները ամրապնդել:

Կայքը ունի մանկական տեսադարան, ուր նախատեսուած է ներկայացնել մանուկներուն կողմէ ղրկուող լաւագոյն տեսանիւթերը. անոնք կրնան նկարահանել տեսանիւթեր իրենց արտասովոր տաղանդին, գիտելիքին, հմտութիւններուն, կարողութիւններուն, միտքերուն, երազներուն եւ ցանկութիւններուն մասին:

Կայքի համապատասխան բաժինով կրնան նաեւ ներկայացնել իրենց առաջարկները` իւրովի մասնակցութիւն ունենալով կայքի ձեւին ու բովանդակութեան: