Այսօր, 2 Յունիս 2020-ին, Հալէպի Նահանգային Խորհուրդը հանդիպում ունեցաւ Հալէպ ժամանած երկրի վարչապետարանի նախարարներու պատուիրակութեան հետ։ Պատուիրակութիւնը զեկուցեց Հալէպի կենցաղային իրավիճակի բարելաւման համար րնթացք առած ծրագիրներուն մասին, յատկապէս ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարման, փակուած դպրոցներու վերաբացման, պատերազմի պատճառով քանդուած կեդրոններու վերակառուցման, Սուրիոյ պարտադրուած պատժական «Սեզար օրինագիծ»ին դէմ պայքարի միջոցներուն, տեղական արտադրութիւններու խրախուսման, ճարտարարուեստի բնագաւառի բարելաւման, մաքսանենգութեան դէմ դնելու եւ այլ նախաձեռնութիւններու առնչութեամբ։ Ելեկտրականութեան նախարարը յայտնեց, որ ելեկտրականութեան մատակարարման Հալէպի գլխաւոր կայարանի հինգերորդ բաժնեմասը վերականգման ընթացքի մէջ է, անոր պիտի յաջորդէ առաջին բաժնեմասը, փոխանցման 400 կեդրոններու եւ մատակարարման բազմաթիւ այլ գիծերու վերաբանեցման աշխատանքները ընթացք առած են։ Այս գծով պայմանագրութիւն կնքուած է իրանեան ընկերութեան մը հետ եւ եթէ չըլլային թագավարակի պայմանները, աշխատանքը աւելի արագ աւարտած կ՛ըլլար։ Նախարարները ընդգծեցին, որ միջազգային ընկերութեան կողմէ Սուրիոյ դէմ տնօրինուած տնտեսական պատիժները մեծապէս կը դժուարացնեն բարեկարգման աշխատանքները, այդուհանդերձ վերականգնումի ծրագիրները կը շարունակուին։ Հանդիպումին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառը, նկատի ունենալով անոր դերը երկրի իրավիճակի բարելաւման ծրագիրներուն մէջ։ Խորհուրդի անդամները թափանցիկօրէն ներկայացուցին Հալէպի բնակչութեան դիմագրաւած հարցերը, կեդրոնանալով քաղաքացիին համար անտանելի դարձած սղաճի եւ ելեկտրածին շարժակներով (ամբերներ) ելեկտրականութիւն վաճառելու երեւոյթին վրայ։ Ժողովականները անդրադարձան նաեւ սուրիական դրամին կրած անկումին եւ բարեփոխման առաջարկներ ներկայացուցին։ Անոնք մատնանշեցին նաեւ Ներքին Գործոց Նախարարութեան աշխատանքային մեքանիզմին ու գործելաոճին գծով կարգ մը հարցեր եւ համապատասխան առաջարկներ ներկայացուցին։ Ժողովականներէն առաջարկ ներկայացուեցաւ ներքին գործոց նախարարին՝ յետս կոչելու սուրիական հպատակութիւնը այն սուրիացիներուն, որոնք պատերազմի տարիներուն թրքական հպատակութիւն ստացան։
Աւելցնենք, որ Հալէպ այցելող նախարարներու պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ներքին գործոց, ջրային պաշարներու, ելեկտրականութեան, տնտեսութեան, ճարտարարուեստի, բնակեցման ու հասարակաց գործարքներու եւ ելեւմտային նախարարները։

Լուսանկարները՝ Հայկ Ուրֆալեանի