Հակառակ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով ընդհանրացած սահմանափակումներուն, հալէպահայութիւնը այս տարի եւս վերյիշեց եւ յիշեցուց Հայոց պատմութեան ամենապանծալի էջերէն մէկը, սահմանափակ ներկաներով, սակայն շքեղ հանդիսութեամբ տօնելով Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 102-ամեակը:
 Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հովանաւորութեամբ, Ուրբաթ, 29 Մայիս 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 102-ամեակին  տօնակատարութիւնը, որ կազմակերպուած էր Հայ Երիտասարդաց Միութեան կողմէն, իսկ հանդիսութեան կազմակերպչական աշխատանքները վստահուած էր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան:
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Միրիաթեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, ՀՀ Մարդասիրական խումբի Հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, հայկական կազմակերպութիւններու, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու, մշակութային, երիտասարդական, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նախքան հանդիսութիւնը, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ մայիսեան յաղթանակներու նահատակներուն: Ապա տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ սրահին մէջ, սուրիական եւ հայկական զոյգ քայլերգներով, որոնցմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին Հայաստանի անկախութեան բագինին զոհուած հայ մարտիկներուն յիշատակը:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լուսին Ապաճեան ՉիլԱբօշեան: Ան անդրադառնալով երիտասարդութեան դերին եւ ազդեցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման մէջ, ըսաւ որ նոր սերունդները եւս պէտք է ներշնչուին մեր ազգային արժէքներով, ըմբռնեն դժուար յաղթանակներով ձեռքբերուած Ազատ եւ Անկախ հայրենիքին արժէքը եւ ունենան անոր տէր կանգնելու վճռակամութիւնը, կարեւոր համարելով նաեւ նման ձեռնարկները՝ անցեալի աւանդներով ներշնչելու հայ երիտասարդութիւնը: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերը յիշելով, որ այդ օրերուն ՀՅԴ-ն համախմբելով ժողովուրդը, պայքարի ոգին զարթնեցուց իւրաքանչիւր հայու մէջ ու իր խոհեմ ղեկավարութեամբ եւ հերոսներու զոհաբերութեամբ կերտեց Ազատ ու Անկախ հայրենիքը:
Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» բանաստեղծութեամբ, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի ատենադպրուհի Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանի տպաւորիչ ասմունքով: Ապա շարունակուեցաւ Մարիա Չիչեանի «Ե՛լ, Գէո՛րգ», «Հայ Քաջեր» եւ «Հայոց Բանակ» հայրենասիրական երգերու ջինջ կատարումով:
Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ Յուշիկ Ղազարեան, ան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ պատմութեան կարեւորութեան, յիշելով օրուան խորհուրդը, Հայաստանի Անկախութիւնը կերտողները, ի մասնաւորի Արամ Մանուկեանը, ապա լուսարձակի տակ առաւ հայոց պատմութեան մէջ Մայիս ամսուան կարեւորութիւնը՝ Աւարայրէն մինչեւ մայիսեան յաղթանակներ, անկախութիւն եւ մինչեւ Շուշիի ազատագրում, որոնք այս ամիսը կը վերածեն հայկական եռատօնի: Բանախօսը շեշտեց, որ այս բոլոր յաղթանակները ղեկավարած են հերոսներ, որոնք ազգը փրկութեան առաջնորդելով դարձած են այդ ժամանակաշրջանի ազդեցիկ ռահվիրաները, աւելցնելով, որ նման դէմքերու կողքին միշտ ալ եղած են բացասական դէմքեր, «Վասակներ», որոնք փորձած են արգելք հանդիսանալ յաղթանակներուն: «Նոյն այդ անհեթեթ կոչերը կը լսենք այսօր եւս, Շուշիի եւ Արցախի ազատագրումէն հազիւ երկուքուկէս տասնամեակ անց, երբ քննարկում կը կատարուի հողային զիջումներու մասին, իբրեւ թէ հող՝ խաղաղութեան փոխարէն տարբերակին ծառայելու։ Այդ անհեթեթ տարբերակի պաշտպանները չեն անդրադառնար, որ հողը ազգին արիւնն է եւ ազգը արիւնաքամ ընելով զայն կþառաջնորդեն դէպի անխուսափելի բնաջնջում»:
Ղազարեան ապա անդրադարձաւ հայկական պատուիրակութեան լիարժէք մասնակցութեամբ Սեւրի Դաշնագիրին ստորագրութեան, դիտել տալով որ «Առաջին անգամն էր, հայոց պատմութեան եւ Հայ Դատի զարգացման ընթացքին մէջ, որ հայութիւնը կը ներկայանար լիարժէք պետական ներկայացուցչութեամբ, Սարդարապատի յաղթանակը ձեռքին՝ իբրեւ երկաթէ շերեփ, որուն շնորհիւ ազգերու խնճոյքէն անօթի դուրս պիտի չգայինք ամէն անգամուան պէս։ Հոս է, որ երկար դարերու ընդմիջումէն ետք, հայ դիւանագիտութիւնը վերագտաւ իր երբեմնի փառքը, յենելով հայո՛ց բանակին եւ ոչ այս կամ այն օտարի կարծեցեալ բարեացակամութեան»: Ան շարունակեց խօսքը յիշելով թէ խորհրդայնացման հետեւանքով  Սեւրը վերափոխուեցաւ Լոզանով, Կարսով եւ այլ դաշնագիրներով, որոնք պատճառ հանդիսացան Հայաստանի հողատարածքի փոփոխութեան: Ապա եզրափակելով ըսաւ. «Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք Արամին ու անոր ընկերներուն նմանող պետական այրերու, որոնք ցեղասպանութեան անյատակ անդունդէն վեր հանեցին ամբողջ ազգը եւ ոչ միայն ապահովեցին անոր ֆիզիքական գոյութիւնը, այլեւ զայն դասեցին յաղթող ազգերու շարքին»: (Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ տեսնել 4-րդ էջի վրայ):
Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Նոր Սերունդ Մշակութեան Միութեան շնորհաւորագիրները:
Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի ելոյթով: Երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց «Հողին Երգը» եւ «Սասուն» երգերը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Սրբազան Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եզրափակիչ իր պատգամով ըսաւ, որ 28 Մայիսի ճակատամարտներուն եւ Արամ Մանուկեանի ու իր ընկերներուն սխրանքներուն շնորհիւ էր, որ դարերէ ի վեր որբ, ստրուկ ու անտէր մնացած հայ ժողովուրդը յարութիւն առնելով իրականացուց իր երազը, տիրացաւ իր հայրենիքին, վերջ տալով թուրքին ցեղասպան ծարագիրին: Ապա դիտել տուաւ որ «Աշխարհասփիւռ հայութիւնը, բացուելով ողջ մարդկութեան, մեր դատը, մեր ցաւը ներկայացուց աշխարհին  ու բազմաթիւ պետութիւններ ճանչցան ու դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Սրբազան հայրը որպէս երրորդ յաղթանակ յիշեց Արցախի պատմական ազատագրութիւնը, ուր հայ կինն ու երիտասարդը միանալով հայոց բանակին վերատիրացան ազատ ապրելու իրենց իրաւունքին: Իր խօսքը ուղղելով սուրիահայութեան, սրբազան հայրը ըսաւ, որ անցնող տարիներուն սուրիահայութիւնը անձնուիրութեամբ պայքարեցաւ  յանուն Սուրիական Հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան, որովհետեւ հայութիւնը ուր որ ալ գտնուի կը մնայ հաւատարիմ այդ երկրին ու իր ստեղծագործ ներկայութեամբ կը սատարէ անոր վերելքին, միշտ վառ պահելով իր լեզուն եւ մշակոյթը:
Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտին կարեւոր համարեց Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութիւնը՝ իրականացելու մեր դարաւոր երազը:
Աւարտին «Զուարթնոց» երգչախումբը ներկայացուց «Սարդարապատ» երգը, որմէ ետք սրբազան հայրը «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:
Պէթի Մարգէեան