Յարգելով պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու պետական կանոնները եւ յարմարելով սահմանափակումներու նոր պայմաններուն, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս Աստուածամօր նուիրուած մայիսեան ժամերգութիւնները տեղի ունեցան առցանց դրութեամբ:
1 Մայիս 2020-ին մայիսեան ժամերգութիւններուն բացումը կատարուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի նախագահութեամբ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ուղիղ սփռումով Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդը եւ աշխարհասփիւռ հայերը առիթ ունեցան իրենց տուներէն ժամերգութեան մասնակից դառնալու եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամին ընդմէջէն համեմատութիւն մը կատարեց մեր նախամօր՝ Եւային եւ Աստուածամօր ընտրած ճանապարհներուն միջեւ, յայտնելով թէ Եւան հողէն շինուած ըլլալով ենթարկուեցաւ հողին, ընտրեց այն կեանքը, որ ժամանակաւոր էր եւ որուն վախճանը մահն էր եւ Եւային պատճառով անիծուեցաւ ամբողջ մարդկութիւնը: Մինչդեռ Մարիամ եկաւ սրբագրելու Եւային սխալ ընթացքը, իր հայեացքը դէպի երկինք բարձրացնելով ընտրեց յաւիտենականը եւ մերժեց այն արժէքները, որոնք նիւթական են եւ մարդը դէպի անդունդ կ’առաջնորդեն: Հետեւաբար, Եւան մերժուեցաւ Աստուծոյ կողմէ եւ դուրս դրուեցաւ երանական կեանքէն, մինչդեռ Մարիամ ընտրուեցաւ երկնքի կողմէ՝ ըլլալու համար Աստուծոյ մայրը եւ իր վարքով մարդկութիւնը առաջնորդեց դէպի յաւիտենական կեանք:
Սրբազան Հայրը մատնանշեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին բազմաթիւ տօներ եւ աղօթքներ ձօնած է Աստուածամօր՝ առ ի մեծարանք: Ան հրաւիրեց հաւատացեալները ներկայ պայմաններուն յարմարելով, մայիսեան աղօթքներուն ընդմէջէն հայցեն Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ իրենց տուները վերածեն եկեղեցիի, ուր աղօթքի ճամբով դարձեալ կը հաղորդուին Մարիամի խորհուրդին եւ աստուածային բարիքներուն հետ:
Մայիս ամսուան տեւողութեան, ամէնօրեայ դրութեամբ եկեղեցիներու դիմատետրի էջերուն ճամբով հաւատացեալ ժողովուրդին առցանց սփռումով ներկայացուեցան Ս. Աստուածածնայ նուիրուած հոգեւոր յայտագիրներ, որոնք տեսերիզի ձեւով արձանագրուած էին Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Յայտագիրները պատրաստուած էին հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովին: Յայտագիրներուն ընդմէջէն Թեմի բոլոր հոգեւորականները քարոզխօսութեամբ հանդէս եկան եւ բովանդակալից բացատրութիւններով հաւատացեալներուն փոխանցեցին Աստուածամօր առաքինի վարքի եւ աստուածահաճոյ ընթացքի խորհուրդը: Հալէպի երեք եկեղեցիներու Դպրաց Դասերը շարականներու եւ տաղերու հոգեպարար երգեցողութեամբ հարստացուցին հոգեւոր յայտագիրները: Բարշ. Սարգիս սրկ. Սարգիսեան աստուածաշնչական ընթերցումներ կատարելով՝ քրիստոնէական կրօնքի արժէքներով համակեց հաւատացեալներուն հոգիները:
Աստիճանաբար բնականոն կեանքին վերադառնալով, Մայիս ամսուան վերջին շաբաթը, հաւատացեալ ժողովուրդին առիթ ընծայուեցաւ ներկայ գտնուելու Աստուածամօր նուիրուած մայիսեան ժամերգութիւններուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Մայիսեան աղօթքներու վերջին ժամերգութիւնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ  Թեմիս Քահանայ Հայրերուն մասնակցութեամբ, Շաբաթ, 31 Մայիս 2020-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Հանդիսաւոր թափօրով, Սրբուհի Աննայի եւ Ս. Աստուածածինի սրբապատկերները շրջեցան եկեղեցւոյ մէջ, օրհնութիւն բաշխելով հաւատացեալներուն:
Օրուան պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յայտնելով, որ Մայիս ամսուան այս օրուան մէջ համախմբուած ենք տածելու մեր յարգանքն ու երկիւղածութիւնը Մարիամ Աստուածածինին հանդէպ, իր անունով կոչուած եկեղեցւոյ մէջ, աղօթքներու եւ շարականներու հոգեպարար երգեցողութեամբ:
Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Մարիամ Աստուածածինով առաջնորդուինք եւ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ ընդունինք աստուածային սերմերը, որոնք արմատ նետելով եւ ծիլ արձակելով պիտի ծաղկին ու պիտի ծաղկեցնեն մեր առօրեան, եկեղեցիներն ու ընտանիքները:
Ժամերգութեան աւարտին օրհնուած ծաղիկներ բաշխուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին:
Յիշենք, որ Մայիս ամսուան մէջ ժամերգութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ինչպէս նաեւ Քեսապի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի: