Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 102-ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի տնօրինումով, Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցան Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսին, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի Հիւպատոսարանի ներկայացուցիչին, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայազգի ներկայացուցիչին, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Հոգեգալստեան օրուան Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը: Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, դպրաց դասի «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի սկաուտները հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին եկեղեցի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը բարձրացուցած բերին Ս. Խորան: Եռագոյն դրօշին կողքին անոնք բռնած էին Սուրիոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշները:
Քահանայ հայրերուն կողմէ Հանրապետական մաղթանքը հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ, որմէ ետք հոգեթով աղօթքներ եւ շարականներ բարձրացան առ Աստուած, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Խաչով օրհնեց եռագոյն դրօշը: Ներկաները պատուեցին հայկական դրօշը Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի խանդավառ երգեցողութեամբ:
Օրուան պատգամին ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ այսօրուան հոգեպարար աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ յիշատակեցինք հոգեգալստեան տօնը. այն տօնը, երբ Սուրբ Հոգին Աստուծոյ կողմէ առաքուելով երկինքէն իջաւ աշակերտներուն վրայ եւ զանոնք այլակերպելով ծառայութեան մղեց:
Սրբազան հայրը լուսարձակի տակ առնելով 20-րդ դարուն մարդկութեան ձեռքբերած յաջողութիւնները եւ նոյն դարուն տեղի ունեցած անարդարութիւններն ու պատերազմները, դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը անմասն չմնաց անոնցմէ, երբ զոհ դարձաւ թուրքի ցեղասպանութեան ծրագիրին, տալով 1,5 միլիոն նահատակներ, որոնք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մերժեցին յանձնուիլ մարդասպան թուրքին եւ նախընտրեցին նահատակուիլ, որպէսզի հայ ժողովուրդը ապրի եւ գոյատեւէ: Աւելցնելով ան ըսաւ. «Հակառակ Ցեղասպանութեան, ազատութեան ոգին չմեռաւ հայուն մէջ, այլ ապրեցաւ եւ հայուն առաջնորդեց անգամ մը եւս կեանքի ճակատամարտը մղելու, հաւատքը պաշտպանելու եւ հայրենիքը ազատագրելու: Սարդարապատի մէջ հայ ժողովուրդը թաղեց թուրքին մարդասպանութեան ծրագիրը եւ ճամբայ հարթեց ազատ ու անկախ Հայաստանի  Հանրապետութեան կերտումին»:
Սրբազան հայրը եռագոյն դրօշը համարեց իւրաքաչիւր հայու փառքն ու պատիւը:
Մասիս Եպիսկոպոս այս օրը համարեց ազգային մեր ուխտի վերանորոգութեան օր, յատկապէս երիտասարդութեան օր եւ այս առիթով կոչ ուղղեց երիտասարդներուն, թելադրելով, որ ինքնավստահ ու զօրաւոր ըլլան, որովհետեւ կը պատկանին կեանքը սիրող ազատատենչ հայ ազգին:
Իր խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, խնդրելով որ պահէ ու պահպանէ Հայաստանը եւ անոր եռագոյն դրօշը, որ խորհրդանիշն է մեր ազգային հարստութիւններուն, պահէ ու պահպանէ Արցախը իր բանակով, Սուրիական մեր Հայրենիքը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն նահատակուած հերոսներու յիշատակին: