«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 3 Յունիսին ընդունած է «Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամները:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 3 Յունիսին ընդունած է «Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամները:
Նախագահ Յարութիւնեան յայտնած է, որ ԱՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնին համար խորհրդարանին թեկնածու ներկայացնելէ առաջ նպատակայարմար համարած է հարցին շուրջ շահաւէտ քննարկում ծաւալելը եւ իր գլխաւորած քաղաքական դաշինքի անդամներուն կարծիքը լսելը:
Տեղի ունեցած քննարկումներու արդիւնքով ` ԱՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնին Ստեփանակերտ քաղաքի դատախազ Մհեր Ռոլեսի Աղաճանեանի թեկնածութիւնը Ազգային ժողովին ներկայացնելու որոշում առնուած է:
Հանդիպումին կը մասնակցէր Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան: