«Ապառաժ».-ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը շնորհաւորած է Մասիս Մայիլեանը Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար վերանշանակուելուն առիթով:
Շնորհաւորական նամակին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը հաւաստիացուցած է, որ եւրոպական տարբեր երկիրներու եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման եւ ամրապնդման ուղղուած իր աշխատանքը պիտի շարունակէ: