Այս օրերուն ամբողջ աշխարհը կը պայքարի պսակաձեւ ժահրին դէմ: Մարդիկ կարելի միջոցներով կը փորձեն գործակցիլ յաղթահարելու հիւանդութիւնը եւ անոր հետեւանքով յառաջացած ընկերային հարցերը:
Այս շրջանին Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն անդամները այցելած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր վայրեր, շարք մը ընտանիքներուն յանձնած են պարենամթերքի ծրարներ: Երիտասարդները այս անգամ Լոռիի մարզ էին:
Մանրաամասնութիւնները` տեսանիւթով