Որքան ալ հայերուն դէմ ատելութեան քարոզը եւ պատերազմի սպառնալիքները միտուած ըլլան ներքին լսարանին, ատրպէյճանական իշխանական տարբեր օղակներու ռազմատենչ յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն խաղաղ գործընթացին եւ կը մատնանշեն, որ ոչ թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը, այլ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան` մեկնաբանելով նշուած յայտարարութիւնները:
«Վերջին շրջանին Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ տարբեր գերատեսչութիւններու կողմէ բովանդակային կառուցուածքէ զուրկ, ջղագարութիւն յիշեցնող հակահայկական մրցակցային յայտարարութիւններ կը կատարուին: Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ գերազանցել իր նախկին հակահայկական յայտարարութիւնները, ինչ որ տասնամեակներու ընթացքին հետեւողական հակահայկական խօսոյթի պայմաններուն մէջ հեշտ գործ չէ:
«Յատկանշական է, որ սեփական ժողովուրդին առջեւ ատելութիւն քարոզող եւ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս եկող Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛օգտագործեն Պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարը` իրենց երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներ իրականացնելու համար. իրողութիւն, որ բարձրաձայնուած է միջազգային եւ շրջանային հեղինակաւոր կարգ մը կազմակերպութիւններու կողմէ:
«Այնուհանդերձ, ինչքան որ ալ հայերու դէմ ատելութեան քարոզը եւ պատերազմի սպառնալիքները միտուած ըլլան ներքին լսարանին, նման յայտարարութիւններ լրջօրէն կը վնասեն խաղաղ գործընթացին եւ կը մատնանշեն, որ ոչ թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը, այլ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան:
«Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայկական գործողութիւնները արդէն ստացած են իրենց իրաւական գնահատականը միջազգային ատեաններուն կողմէ: Այսպէս, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի «Մակուչեանը եւ Մինասեանն ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունկարիոյ» գործով դատավճիռը դատապարտեց ատրպէյճանական պետութեան ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը, որ արտայայտուած էր մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներելու, ազատ արձակելու եւ պարգեւատրելու գործողութիւններով:
«Հայատեացութիւնը որպէս ներքին համախմբման եւ իշխանութեան օրինականութեան հիմնական աղբիւր դիտարկող Ատրպէյճանի ներկայի իշխանութիւնը սպառնալիք է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի, այլեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար:
«Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգային համակարգը բաւարար համալիր եւ կայուն է` արդիւնաւէտօրէն հասցէագրելու եւ հակադարձելու նման սպառնալիքներու», նշուեցաւ մեկնաբանութեան մէջ: