«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ վերջին երեք տարիներուն, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուած աւելի քան 120 միլիոն տոլարի զինուորական նպաստներով մտահոգուած՝ ծերակուտական Պապ Մենետեզ կառավարութեան հաշուետուութեան գրասենեակին դիմած է՝ անյապաղ հետաքննութիւն մը պահանջելով։

Այս հետաքննութեան զեկուցումը պիտի տրամադրուի Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին։
Մենենտեզ կը շեշտէ, որ զինուորական նման մեծածաւալ յատկացումներ կրնան խախտումներ ըլլալ Ատրպէյճանին զինուորական աջակցութեան տրամադրումը սահմանափակած եւ 1992-ին վաւերացուած թիւ 907 յաւելուածին, որ պատժամիջոց մըն է՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Պաքուի բռնարարքներուն պատճառով։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, որ Ատրպէյճանին զինուորական աջակցութեան տրամադրումին դէմ համացանցային արշաւ մը սկսած է՝ anca.org/alert կայքէջին միջոցով, շնորհակալութիւն յայտնեց Մենետեզին այս քայլին համար։
Նամակը կարելի է կարդալ http://anca.org/assets/pdf/060320_Menendez_GAO_Letter.pdf կայքէջին վրայ։