Կարգ մը ամերիկացի ցուցարարներ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Քաղաքացիական Ազատութեանց Միութիւնը երկրի կառավարութեան դէմ դատ յարուցած են, Ուաշինկթընի մէջ ցուցարարներուն դէմ ի գործ դրուած բիրտ ուժին համար։
Ըստ CNN լրատուացանցի տուեալներուն, դատական բողոգագիրին մէջ յիշուած է. «Կառավարութեան հրահանգներուն ենթարկուող ոստիկանութիւնը իրաւական ոչ մէկ հիմք ունէր ցրուելու Ճորճ Ֆլոյիտի մահուան դէմ իրականացած ցոյցերը»։
Բողոգագիրին մէջ յատկապէս յիշուած է. «Սոյն դատը կը վերաբերի ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ընդհանուր դատախազ Ուիլիըմ Պարի ոստիկանութեան արձակած հրահանգներուն, բիրտ ուժով ցրուելու ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ կայացեած ցոյցերը»։
Յիշենք, որ բազմաթիւ ամերիկեան քաղաքներու մէջ կ՚իրականանան ցոյցեր ոստիկանութեան ցուցաբերած ցեղապաշտութեան եւ բրտութեան դէմ, ափրիկեան արմատներ ունեցող Ճորճ Ֆլոյիտի սպանութեան հետեւանքով, որ տեղի ունեցաւ 25 Մայիսին, Մինիափոլիս քաղաքին մէջ։