Իւրաքանչիւր մարդ կ’ունենայ նախասիրութիւններ, որոնք իր հետ կը ծնին  եւ օրերու ընթացքին կրնան զարգանալ եւ կամ փոխուիլ՝ ըստ պայմաններուն:
Քեսապի բնութեան հանդէպ մանկութենէս յատուկ սէր ունիմ: Ինչպէ՞ս չսիրես մեր գիւղի բնութիւնը։ Քիչ մը ամէն կողմ մրգատու պարտէզներ,   դեղաբոյսերով հարուստ մշտադալար պուրակներ,   անտառներ:Յատկապէս մեծ է սէրս անոր կենդանական աշխարհին հանդէպ:
Ամէնէն աւելին զիս հրապուրած են թռչունները՝ իրենց բազմաձայն գեղգեղանքներով եւ խատուտիկ տեսքով:
Դեռ մանուկ,  հայրս կը նկատէ, որ շատ կը սիրեմ թռչունները: Եւ օր մըն ալ  իր անակնկալը ինծի …. երկու թռչուն վանդակի մէջ:  Ուրախութիւնս չափ ու սահման չունէր:
Այսպէս,զանազան տեսակի թռչուններ պահած եմ մինչեւ այն օրը, երբ Քեսապ  ներխուժեցին դաժան ահաբեկիչները, որոնք այրեցին,թալանեցին քանդեցին շատ բան: Անոնք չէին խնայած նաեւ թռչուններուս…:
Սէրը մէջս էր: Քեսապ վերադարձին նոր գաղափար մը ծագեցաւ մտքիս մէջ: Որոշեցի այդ ծրագիրը իրագործել մեր տան  բակի մէկ անկիւնը օգտագործելով: Ուստի հօրս օգնութեամբ հաւնոց շինեցի, եւ  ես սկսայ  տարբեր տեսակի հաւեր  բուծանել:  Ամիսներու ընթացքին, երբոր որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգած էի, ծրագիրս ընդլայնեցի եւ յաջողեցայ: հետզհետէ անոնց թիւը բազմացաւ: Հիմա ունիմ տեսակաւոր եւ բազմաթիւ թռչնազգիներ (անոնց շարքին՝ թութակներ), որոնց բաւական ժամանակ կը տրամադրեմ, մեծ  ուրախութեամբ  մանաւանդ այս դժուար պայմաններուն մէջ,  երբ պարտադրուած ենք տան մէջ բանտարակուելու: Կը հոգամ անոնց սնունդն ու մաքրութիւնը:
Անկեղծօրէն՝  թէ՛ հոգեկան գոհունակութիւն եւ թէ մտային անդորրութիւն կը ստանամ այս հաճելի գործէն:  Անոնցմէ դրական ներուժ կը ստանամ  եւ աւելի լաւ կը կեդրոնանամ դասերուս վրայ:
Ես արդէն հասած եմ այն եզրակացութեան,որ մարդկութեան գոյութիւնը խիստ կերպով կապուած է բնութեան հաւասարակշռութեան հետ: Անոր համար ալ կ’ուզեմ խորհուրդ տալ իմ համագիւղացիներուն եւ շրջանի ժողովուրդին, որ վերջ տան ապօրինի որսին եւ ծառահատումին:
Նշան Պետրճիքեան
ԺԱ. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան