15 Յունուար 2020ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը նորոգեց  մեծ պայմանագիր մը Ուաշինկթընի մէջ գործող ամերիկեան «Կրինպըրկ Թրաուրիկ» լոպիիստական ընկերութեան հետ, որուն ընդհանուր արժէքը, մէկ տարուան համար, կը կազմէ 1 միլիոն 538 հազար տոլար եւ կ՛աւարտի 31 Դեկտեմբեր 2020-ին։ «Կրինպըրկ Թրաուրիկ» քանի մը տարիէ ի վեր լոպիինկ կը կատարէ Թուրքիոյ կառավարութեան ի նպաստ։ Պայմանագիրը ստորագրած են Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քիլիչ եւ Ռապըրթ Մանկազ՝ «Կրինպըրկ Թրաուրիկ»ի անունով։ Խախտելով ԱՄՆ օրէնսդրութեան պահանջները, պայմանագրի պատճենը չէ ներկայացուած Արդարադատութեան նախարարութեան օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան օրէնքի գրասենեակ մինչեւ  31 Մայիս  2020՝ պայմանագրի ստորագրումէն գրեթէ հինգ ամիս անց:

2020 տարեշրջանի ընթացքին, Թուրքիոյ վճարած վարձատրութեան մեծ մասը «Կրինպըրկ Թրաուրիկ» կը բաշխէ քանի մը ենթակապալառուներու, որոնք կ՛օգնեն ի գործ դրուած լոպիիստական ջանքերու մէջ։ Ենթակապալառուներն են՝ «Քափիթըլ Քաունսըլ» (Capital Counsel) ՍՊԸ, որուն կը վճարուի 432 հազար տոլար վարձատրութիւն, «Էլպի Ինթըրնէշընըլ» (LB International)՝ 270 հազար տոլար եւ «Վընէյպլ» (Venable)ՍՊԸ՝ 270 հազար տոլար։

«Կրինպըրկ Թրաուրիկ»ին կը մնայ 566 հազար տոլար զուտ գումար։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը  շարք  մը այլ ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւններ վարձած է վերջին քանի մը տարիներուն։

Պայմանագրով կը պահանջուի, որ «Կրինպըրկ Թրաուրիկ» մատուցէ հետեւեալ ծառայութիւնները թրքական կառավարութեան.

«Թուրքիոյ՝ լոպիինկի եւ կառավարութեան հետ կապերու ծառայութիւններ, որոնք բաղկացած կ՛ըլլան այնպիսի ծառայութիւններէ, որոնք սովորաբար եւ կանոնաւոր ձեւով կը տրամադրուին օտար երկիրներ ներկայացնելու ատեն՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի եւ գործադիր ճիւղի առջեւ։

Այս ծառայութիւնները պէտք է ներառնեն, բայց չսահմանափակուին.

ա/ Առաջարկել եւ հետամուտ ըլլալ օրէնսդրութեան եւ ԱՄՆ կառավարութեան այլ գործողութեան ընդունման, որոնք կը  նպաստեն Թուրքիոյ շահերուն եւ կ՛ապահովեն թուրքերու, Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու դրական պատկերը.

բ/ Թուրքիոյ եւ թուրք ամերիկացիներու վերաբերեալ քոնկրեսական խումբի պահպանումն ու ընդլայնումը.

գ/ Քոնկրեսի եւ վարչակազմի անդամներու դաստիարակութիւն՝ Թուրքիոյ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ.

դ/ Անմիջապէս տեղեկացնել Թուրքիոյ՝ Քոնկրեսի կամ գործադիր ճիւղի մէջ Թուրքիոյ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ որեւէ գործողութեան մասին.

ե/ Քոնկրեսի եւ գործադիր ճիւղի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու համառօտ վերլուծութիւններու պատրաստում`Թուրքիան յուզող յատուկ հարցերու մասին.

զ/ Պաշտօնական հաւաքոյթներու եւ հանրային իրադարձութիւններու բացայայտում, որուն պէտք է մասնակցի դեսպանատան անձնակազմը, հնարաւորութեան պարագային ստանալ անհրաժեշտ հրաւէրները.

է/ Գտնել կամ կազմակերպել դեսպանատան անձնակազմի կամ աշխատողներու նշանակած կամ առաջարկած վստահելի մարդոց համար դասախօսական հանդիպումներ տեղական եւ պետական մակարդակի վրայ, բան մը, որ կը բարելաւէ Թուրքիոյ վարկը եւ առաջ կը տանի անոր գործերը Քոնկրեսի մէջ։ Այս կ՛իրականացուի, եթէ առաջնորդուի Թուրքիոյ կողմէ եւ համաձայնեցուած ըլլայ Թուրքիոյ հանրային կապերու ծառայութեան մատակարարողներու հետ,  եւ

ը/ Պահպանել ու ձեւաւորել զինակցութիւն՝ շահագրգռուող այլ խումբերու հետ, որոնց նպատակները համահունչ են Թուրքիոյ նպատակներուն կամ Թուրքիան համակարծիք է ատոնց»:

Այնուհետեւ պայմանագրով կը պահանջուի, որ «Կրինպըրկ Թրաուրիկ» համապատասխանէ հետեւեալ պահանջներուն.

«1) Անձնակազմի եւ այլ ծառայութիւններու մատակարարողներ․ բացառութեամբ, ինչպէս նշուած է ստորեւ, «Կրինպըրկ» պէտք է կազմէ իր անձնակազմին խումբը` վերոնշեալ ծառայութիւններու մատուցման կարելի լաւագոյն արդիւնքներուն հասնելու համար: Անիկա ամէնէն արագ միջոցի մէջ Թուրքիոյ կը տրամադրէ անձնակազմի ցուցակ՝ ներառեալ անոնց մասնագիտութեան ոլորտները եւ/կամ անոնց օգտագործման ձեւերը։ Այս ցուցակը պարբերաբար կը թարմացուի ըստ անհրաժեշտութեան:

2) Լրացուցիչ ծախսեր եւ առուծախք․ եթէ «Կրինպըրկ» Թուրքիոյ անունով կը կատարէ բացառիկ ծախսեր եւ առուծախք, որոնք նախատեսուած չեն վերոնշեալ վարձատրութիւններուն մէջ, ապա Թուրքիա պէտք է հատուցէ այդ ծախսերը՝ պայմանով, որ Թուրքիոյ կողմէ նախապէս հաստատուին անոնք յստակօրէն։

3) Ամսական հաշուետուութիւններ եւ կատարողականի եռամսեակային գնահատում. «Կրինպըրկ» պէտք է ամսական գրաւոր զեկոյց ներկայացնէ Թուրքիոյ՝ համառօտ նկարագրելով իր աշխատանքը Թուրքիոյ անունով։ Այս զեկոյցները պէտք չէ ներառնեն «Կրինպըրկ»ի խումբի առանձին անդամներու ծախսած ժամանակի հաշուարկները: Բացի այդ, իւրաքանչիւր եռամսեակ, կամ այնքան յաճախ, որքան փափաքի Թուրքիա, «Կրինպըրկ» Թուրքիոյ պէտք է ներկայացնէ նախորդ շրջանի ընթացքին իր կատարողականի վերաբերեալ գրաւոր գնահատական: Եթէ գնահատումը վերանայելէ ետք Թուրքիա գոհ չըլլայ «Կրինպըրկ»ի կատարողականէն, Թուրքիա կրնայ, իր հայեցողութեամբ,  դադրեցնել սոյն պայմանագիրը՝ համաձայն ամրագրուած պայմաններուն»։

Թուրք հասարակութիւնը եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պէտք է տեղեակ ըլլան, որ իրենց կառավարութիւնը վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին իրենց հարկերէն հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ վատնած է՝ ամերիկեան լոպիիստական ​​ընկերութիւններուն վճարելու համար: Այս գումարներու մեծ մասը անօգուտ կերպով ծախսուած է Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար այն ժամանակ, երբ երկրին տնտեսութիւնը քայքայուած է, թրքական լիրայի արժէքը խիստ անկում կ՛ապրի, իսկ Թուրքիա հարիւր միլիառաւոր տոլարներ պարտք է օտարերկրեայ դրամատուներուն։

Հակառակ Ամերիկայի մէջ լոպիինկի վրայ ծախսուած հսկայական գումարներուն, անցեալ տարուան աշնան Ներկայացուցիչներու Պալատը (ճնշող մեծամասնութեամբ) եւ Ծերակոյտը (միաձայնութեամբ) ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող բանաձեւեր: ԱՄՆ լոպիիստական ընկերութիւնները իրենց արտասահմանեան յաճախորդներէն գումարներ կորզելու մեծ վարպետներ են։ Անոնք շատ համոզիչ կը խօսին, կը ներկայացնեն վարդագոյն զեկոյցներ, սակայն վերջաւորութեան չնչին գործ կ՛ընեն…

Ո՛չ Հայաստանի կառավարութիւնը, ոչ ալ Ուաշինկթընի ամերիկահայ կազմակերպութիւնները լոպիիստական ընկերութիւններ վարձած են՝ այդպիսով խնայելով իրենց գումարները աւելի արդիւնաւէտ աշխատանքի համար: Հայերուն պէտք չեն լոպիիստներ՝ ԱՄՆ կառավարութեան համոզելու համար, որ իրենց դատը արդար է: Անկախ այն բանէն, թէ որքան գումար կը ծախսուի, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, սակայն, երբեք պիտի չկարենայ մաքրագործել իր գործած անցեալի եւ ներկայի նողկալի յանցագործութիւնները…

 

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան