«Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով»,  գրած է Լեւոն Շանթ։ Ցաւերը մեղմացնելու լաւագոյն «դեղահատը» ժամանակն է: Հարազատի մը, մօտիկ ընկերոջ մը մահուան վիշտը չի՛ դարմանուիր: Ժամանակի ընթացքին հաւանաբար համոզուինք կորուստին գաղափարով, սակայն չենք կրնար մոռնալ մեր ընկերը, անոր ներդրումը մեր միջավայրին։

Յուզումնալից այս պահը միշտ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Հրաժեշտ բառը արդէն ինքնստինքեան  տխրութիւն  կը յառաջացնէ։ Ամենադժուար պահը այն է, երբ սիրելի ընկերոջ մը  հրաժեշտ կու տանք։ Կարծէք կեանքը կանգ կ՚առնէ, իսկ մենք, ամէն ինչի նկատմամբ կը դառնանք անտարբեր: Շատ դժուար է այս պահը:

Սիրելի՛ սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ ընկերներ,

Հաւաքուած ենք վերջին հրաժեշտը տալու սիրելի ընկեր Գրիգորին, որ անողոք հիւանդութեան մը հետեւանքով մահացաւ:

Գիտենք, որ կեանքին պէս հին է մահը, միասին կ՚ընթանան անոնք, զուգահեռ ընթացքով, բայց դարձեալ դժուար է հաշտուիլ մահուան հետ: Միշտ տխուր ենք ու անմխիթար՝ մահուան դիմաց: Մեր հոգին կը ճմլուի, երբ անվերադարձ մեկնողը մեր սիրելի՛ն է,  երբ մանաւանդ գաղափարակից ընկերն է  յաւէտ բաժնուողը, այս պարագային՝ ընկեր Գրիգոր Թոմասեանն է:

Անկոտրում կամքով Դաշնակցութեան հաւատամքին ծառայող  էր ընկ. Գրիգոր: Ան կանուխ տարիքէն ընտրած էր իր ազգին և կազմակերպութեան ծառայելու ճամբան, հետեւելով իր հօր՝ ընկ.Ներսէս Թովմասեանի օրինակին, ծառայելով նաեւ Հայ Դատի գործունէութեան, կազմակերպութեան եւ ազգին շահերը վեր դասելով իր անձնական շահերէն: Օրինապահ էր ան, ծայրայեղութեան հասնելու աստիճան: Խիստ էր այն անձերուն նկատմամբ, որոնք կը համարձակէին կազմակերպութեան վարկը խաթարել:  Սիրելին էր  բոլորին եւ ընդունուած ու յարգուած էր, թէ՛՛ բարեկամներուն, եւ թէ ընկերներուն կողմէ:

Ընկեր Գրիգոր մանուկ հասակէն մտաւորական հակումներ ունէր։  Պերճախօս էր իր դասախօսութիւններով եւ հաւատարիմ  իր պաշտած կազմակերպութեան։  Ան  քանի մը տարի առաջ, երբ այցելութեամբ մը կը գտնուէր Հայաստան, փափաքած էր այցելել Դրոյի շիրիմը, հոն մենախօսութեան մէջ մտնել զօրավարին հետ․․․ իրականացուց այդ փափաքը, իսկ Գամիշլի վերադարձին , հակառակ իր հասուն տարիքին, կարծէք նոր ուժ ստացած էր Դրաստամատ Կանայեանի շիրիմը այցելելէ եւ անոր ընդառաջ իր սրտի խօսքը արտասանելէ ետք։

Կը մէջբերեմ  նաեւ ընկեր Խաժակ Մկրտիչեանին գրած դամբանականէն բաժին մը  իր քեռիին՝ ընկեր Գրիգորին մահուան առիթով։

«Գրիգոր Թովմասեան զինք ճանչցողներուն յիշողութեան մէջ կը մնայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ եւ գործունէութեամբ ապրող ու տագնապող կերպար: Ան զինք նախորդող, երբեմն նաեւ զինք յաջորդող, դաշնակցական մտաւորականներու եւ ղեկավարներու խօսքերուն ու գործերուն մէջ միշտ ուսանելի ու սորվելիք բաներ կը գտնէր, որոնք յաճախ կը մէջբերէր ու կը վկայակոչէր իբրեւ ուղեցոյց»:

Յանուն իր գաղափարակից ընկերներուն, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկեր Գրիգոր Թովմասեանի ընտանիքին, հարազատներուն և բարեկամներուն։

«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ,  յոյս դուք էք, ընկերնե՛ր, շարունակէք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»։

Գաղափարակից ընկերներ