«Ակունք».- Թուրքիոյ Հանրապետութեան Հաթայ (Ալեքսանտրեթ) նահանգի Սամանդաղ գաւառին մէջ գտնուող հայկական Վաքըֆլիի մէջ երկրի առաջին հայկական թանգարանը հիմնուած է:
Վաքըֆլըի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Ճեմ Չափար գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ «Մուսալեռ» անունը կրող սոյն թանգարանէն ներս ներկայացուած են ոչ միայն հայ, այլեւ` տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն մշակոյթները:
Չափար շեշտելով, որ այդ տարածքներէն ներս «Միատեղ մշակոյթ ձեւաւորուած է», նաեւ յայտնած է, որ երկար ժամանակ իր տիկնոջ` Լորա Չափարին հետ մէկտեղ աշխատանք տարած են այս թանգարանի ծրագիրը իրագործելու համար: Ճեմ Չափար նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է այս նախագիծին ընթացքին իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերող անձերուն՝ Հաթայի նահանգապետ Ռահմի Տողանին, այլ պաշտօնատար անձերու եւ Արեւելեան Միջերկրականի զարգացման գործակալութեան:
Չափարի խօսքով` թանգարանին մէջ ցուցադրուած նմուշներուն մեծ մասը առնուած է գիւղի բնակիչներէն: «Մուսալեռ» հայկական թանգարանէն ներս ցուցադրուած են տարազներ, պատմական իրեր, զարդեղէն, իսկ թանգարանին մէջ տեղադրուած պաստառներէն կարելի է դիտել տեղւոյն բնակիչներուն աւանդոյթները ներկայացնող տեսանիւթեր:

Թարգմանեց
Մելինէ Անումեան