«Ապառաժ».-5 Յունիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէն ԱՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնին առաջադրուած Մհեր Աղաջանեան հանդիպում ունեցած է ԱՀ Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան հետ:
Խմբակցութեան անդամներուն հարցադրումներուն ի պատասխան` Մհեր Աղաջանեան ներկայացուցած է դատախազութենէն ներս հետագայ բարեփոխումներու իրականացման, երկրին մէջ օրինականութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարի շարունակականութեան եւ այլ հարցերու շուրջ իր տեսլականը:
Աւելցնենք, որ Մհեր Աղաջանեանի թեկնածութիւնը հաղորդուած է 4 Յունիսին: «Ազգային Ժողովի Կանոնակարգ» օրէնքին համաձայն, ԱՀ Ազգային Ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն հետ հանդիպումներ նախատեսուած են: