«Երկիր».- 5 Յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց (այսուհետեւ՝ ԱԳ) նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Վրաստանի ԱԳ նախարար Դաւիթ Զալկալիանիի հետ:
Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակեցին պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման եւ համավարակի ընկերային-տնտեսական հետեւանքներու յաղթահարման շուրջ:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի համավարակին դէմ մղած պայքարին եւ վերահաստատեց աջակցութիւն ցուցաբերելու Վրաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը։
Նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Վրաստանի տարբեր գերատեսչութիւններու մակարդակով առկայ սերտ գործակցութիւնը՝ գործնական, պարբերական կապերը եւ փոխադարձ աջակցութիւնը համավարակի մարտահրաւէրներուն եւ Հայաստանի ու Վրաստանի քաղաքացիներուն հայրենիք վերադարձը կազմակերպելուն առումով: Նախարար Մնացականեան կարեւոր համարեց երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան եւ ռազմավարական բարեկամութեան վրայ հաստատուած գործակցութեան ընդլայնումը եւ խորացումը բոլոր այն ուղղութիւններով, որոնք անգամ մը եւս ուրուագծուած էին երկու երկիրներու ղեկավարներուն կողմէն ՀՀ վարչապետին Մարտ ամսուան Վրաստան կատարած այցելութեան ընթացքին: ՀՀ ԱԳ նախարար Մնացականեան վերահաստատեց Վրաստանի ԱԳ նախարար Զալկալիանիին ուղղուած Հայաստան այցելելու իր հրաւէրը:
Բազմակողմ գործակցութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս յառաջիկային տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն:
ԱԳ նախարարներ Մնացականեան եւ Զալկալիանին միտքեր փոխանակեցին անվտանգութեան հարցերու շուրջ` ընդգծելով համավարակի պայմաններուն տակ միջազգային եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: