Սուրիոյ Խորհրդարանը իր ընթացիկ նիստին ընթացքին քննարկեց երկրին տնտեսական ու կենցաղային իրավիճակը եւ կառավարութեան առած քայլերը անոնց բարելաւման ուղղութեամբ, Սուրիոյ դէմ պարտադրուած միակողմանի պատժամիջոցներուն լոյսին տակ։ Նիստը նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ, ներկայութեամբ վարչապետ Իմատ Խամիսի եւ կարգ մը նախարարներու։ Սապպաղ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ քաղաքացիները յուզող հարցերը միշտ օրակարգի վրայ են, թէ՛ Խորհրդարանի եւ թէ անոր յանձնախումբերուն նիստերուն ընթացքին, աւելցնելով որ քննարկումները ընթացած են դրական ու կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Սապպաղ դիտել տուաւ, որ սուրիացիները կը դիմագրաւեն պատերազմական վիճակի այս սաստկացումը, սակայն մենք զօրաւոր ենք շնորհիւ մեր միասնականութեան։ Այսպէս յաջողեցանք դիմագրաւել այնպիսի դժուարութիւններ, որոնց նմանը ոչ մէկ ժողովուրդ դիմագրաւած էր։ Այդ վայրագութիւններուն կու գան աւելնալու տնտեսական, հոգեբանական ու տեղեկատուական պատերազմը, ինչպէս նաեւ «Կայսեր օրէնք» կոչուած պատժամիջոցները, որոնք ոչ միայն Սուրիան կը շարջափակեն, այլեւ պատիժի կ՚ենթարկեն նաեւ Սուրիոյ հետ գործակցող կողմերը, ինչ որ բացայայտօրէն կը հակասէ միջազգային կանոններուն եւ մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն։ Սապպաղ շեշտեց, որ այս ճնշումները արդիւնք են չար ուժերու, որոնց պարագլուխը ԱՄՆ-ն է, Սուրիոյ մէջ կրած իր պարտութիւններուն եւ զինուորական ձախողութիւններուն լոյսին տակ։ Միւս կողմէն, վարչապետ Իմատ Խամիս յայտնեց, որ այսօր երկրի զանազան հատուածները սկսած են հետզհետէ վերագտնել իրենց աշխուժութիւնը, պսակաձեւ ժահրի դէմ կանխարգիլման միջոցներու պարտադրած սահամանափակումներուն վերացումէն ետք, շեշտելով, որ երեփոխաններուն հետ իր այս հանդիպումը պատմական նշանակութիւն ունի եւ ինչպէս սուրիական բանակը տարիներու դիւցազնական զոհողութիւններով արձանագրեց զինուորական յաղթանակներ, այդպէս ալ կարելի պիտի ըլլայ արձանագրել տնտեսական յաղթանակ մը։ Վարչապետ Խամիս դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ դէմ դաւադիր երկիրներու կողմէ միակողմանի պատժամիջոցներու սաստկացումը կը միտի աղքատացնել երկրի բնակչութիւնը եւ կողոպտել անոր հարստութիւնները, արգիլելով օտար դրամանիշի հոսքը եւ ազատագրուած սահմաններէն օգտուելու կարելիութիւնը ճիշդ այն ատեն, երբ մեծ տարածքներ ազատագրուեցան եւ կարիք ստեղծուեցաւ այդ շրջաններու ենթակառոյցներու վեըականգման եւ բնակիչներու այլազան կարիքներու ապահովման։