ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Նիւզ» լրատուամիջոցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ուժային կառոյցներուն մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան փոփոխութիւններ պիտի կատարէ այնքան ատեն որ այդ համակարգերը տակաւին ամբողջութեամբ չեն ծառայեր երկրին մէջ ներքին ճնշումներուն:
«Կը կարծեմ, որ երբ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը աշխատանքէ կը դադրեցնեն, պէտք է գոյութիւն ունենայ պատճառաբանուած պարզաբանում, ասիկա շատ կարեւոր է երկրի թափանցիկ կառավարման տեսանկիւնէն: Այս ալ արդէն քանի՛երորդ դէպքն է, երբ աշխատանքէ կը դադրեցնեն բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ մենք պաշտօնական բացատրութիւն չենք ստանար: Երկրորդը` ակնյայտ է, որ յատկապէս ուժային կառոյցներու մէջ Նիկոլ Փաշինեան փոփոխութիւններ պիտի կատարէ այնքան ատեն որ, այդ համակարգերը դեռ ամբողջութեամբ չեն ծառայեր երկրին մէջ ներքին ճնշումներ բանեցնելու: Այս բոլորը ես կը դիտարկեմ այս տեսանկիւնէն, եւ այս է եղածին տրամաբանութիւնը», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքական խորհուրդի հրատապ նիստի յայտարարութեան` ան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին գծով բազմիցս տուած է իր գնահատականներն ու արժեւորումները, ներկայացուցած է պահանջ, օրակարգ:
«Մենք 7 օր առաջ ալ հանդէս եկանք յայտարարութեամբ, ուր կ՛ըսուէր, որ Ազգային ժողովը պէտք է հրատապ յատուկ նիստ գումարէ, ստեղծուած իրավիճակին ամբողջական գնահատական տայ, պատասխանատուութեան կանչէ ձախողած պաշտօնեաները, եւ միասին գտնեն ելքեր այս իրավիճակին համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի համախմբումին, անիկա պէտք է ըլլայ օրակարգի շուրջ, եւ պէտք է բխի ժողովուրդի շահերէն: Ընդհանուր մթնոլորտը հասցուցած է այն իրավիճակին, որ անյապաղ պէտք է քայլերու ձեռնարկել ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար: Շատ բնական է, որ ընդդիմադիր դաշտի շարք մը կուսակցութիւններ տարբեր դիրքորոշումներ յայտնեն եւ առաջարկներ ներկայացնեն ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով: Այս իրավիճակին մէջ ատիկա շատ բնական է, չխօսիլ իրավիճակի մասին եւ նայիլ, թէ երկիրը ինչպէս կը գլորի անդունդը, ա՛յդ յանցագործութիւն է», շեշտեց ան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչը, անդրադառնալով համագործակցութեան կարելիութիւններուն, ըսաւ, որ իրենց համար կարեւոր է` ի՛նչ հարցերու շուրջ եւ ի՛նչ օրակարգով պիտի ըլլայ համագործակցութիւնը:
Իշխան Սաղաթէլեան կարելի կը նկատէ արտահերթ ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները պէտք է կազմուին ընտրութիւններու միջոցով:
«Կայ երկրին մէջ կառավարման ճգնաժամ, իշխանութիւնը ընդունակ չէ լուծելու երկրին դիմաց ծառացած հարցերը: Մենք այս մասին խօսած ենք տակաւին մէկ տարի առաջ, իշխանութիւններուն դեղին քարտ ցոյց տուած ու ըսած ենք` լրջացէ՛ք, կեդրոնացէ՛ք մեր երկրին առջեւ ծառացած հարցերու լուծման վրայ», յայտնեց ան: