-Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է յարգել պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման միջոցներու կիրարկումը, յատկապէս արտերկրէն եկած 21 վարակուածներու պարագան նկատի ունենալով, դիտել տալով որ, թէեւ Սուրիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը մեծ չէ, սակայն անտարբերութիւնն ու անպատասխանատուութիւնը կրնան բարդացնել վիճակը եւ դուռ բանալ համաճարակի տարածման: Սա կառավարութիւնը պիտի մղէ վերստին խիստ միջոցներ կիրարկելու երկրէն ներս: