-Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ աւարտած է 2020 ուսումնական տարեշրջանի պաքալորիայի եւ պրովէի պետական քննութեանց նախապատրաստական աշխատանքները, յարգելով պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու բոլոր պայմանները:
Նախարարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ քննութեանց արձանագրուուղ աշակերտութեան ընդհ. թիւն է 557.348 աշակերտ-աշակերտուհի, որոնցմէ 301.145-ը պրովէի, իսկ 210.027-ը պաքալորիայի քննութիւններ պիտի յանձնեն: Քննութիւններուն յատկացուած են 4901 կեդրոններ, Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ: